Ուխտագնացութիւն Ուխտագնացութիւն 

65րդ Տարին ըլլալով Հայ ուխտաւորը բռնեց Ս. Թադէի Վանքի հաւատքի ճանապարհը

Ատրպատականի զանազան շրջաններէ, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն շուրջ 4 հազար ուխտաւորներ ժամանեցին Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ հանդիսապետութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, 65րդ տարին ըլլալով, Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Վանքի ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին, ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ 25-27 Յուլիս 2019ին:

Ատրպատականի զանազան շրջաններէ՝ Թաւրիզէն, Ուրմիայէն, Սալմաստէն, Իրանի այլ քաղաքներէ՝ Թեհրանէն, Սպահանէն, Ահուազէն եւ այլ քաղաքներէ, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն շուրջ 4 հազար ուխտաւորներ ժամանեցին Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը, մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն, հանդիսաւոր Սուրբ պատարագին, եւ ազգային տօնախմբութեամբ կատարելու Վանքին Ուխտի օրը:

Ըստ տարիներու աւանդութեան՝ վանքի ուխտագնացութեան Գործադիր յանձնախումբին կողմէ հարիւրաւոր վրաններ լարուած էին Ս. Թադէի վանքի շրջակայքին մէջ, հիւրընկալելու համար ուխտաւորները: Ուխտաւորներէն ոմանք Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսի երեկոյէն արդէն ժամանած էին վանքը եւ յարդարած իրենց վրանները, մէկ օր եւս ապրելու համար Ս. Թադէի սրբացնող ու վեհ միջավայրին մէջ:

Հինգշաբթի, 25 Յուլիսի երեկոյեան ժամը ճիշդ 5ին Սուրբ Թադէի վանքը ժամանեց Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդը, որ դիմաւորուեցաւ հոգեւորականաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին կողմէ: Վանքին դարաւոր զանգի ղօղանջներուն տակ, սրբազան հայրը կանգ առաւ տաճարի զանգակատան ներքեւ: Եկեղեցւոյ նախկին սովորական փայտէ շինուած դուռը անանուն բարերարի մը նուիրատուութեամբ փոխարինուած էր, Թաւրիզի Հայոց «Մելիք-Թանգեան» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած պատմական դրան հարազատ կրկնօրինակումը եղող նոր դուռով:

Նոր դրան օրհնութիւնը կատարելու համար, ըստ ծիսակարգի, սրբազան հայրը նախ վար առաւ զայն ծածկող քօղը, ապա ծնրադրեց տաճարի դրան առջեւ, «Բաց մեզ Տէր» ողոգական երգը կատարելով: Ապա «Ամէն ալէլուիա» երգի եւ օրհնութեան աւարտին, սրբազան հայրը կարդաց յատուկ աղօթք, ուր Ամենասուրբ Երրորդութեան ուղղուած խնդրանքով հայցեց, որ նոր դուռը սովորական փայտ չհամարուի եւ զայն համբուրողները սովորական փայտ համբուրած չըլլան, այլ Աստուծոյ սուրբ տաճարի սրբացնող դուռը:

Օրհնութեան ծիսակարգէն ետք, «Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ բացուեցաւ դուռը եւ առաջնորդ սրբազանը թափօրով յառաջացաւ դէպի սուրբ խորանը, ուր կատարուեցաւ կանոնական աղօթք:

Բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին իր առաջին խօսքը ուղղելով, սրբազանը փառք ու գոհութիւն ընծայեց Աստուծոյ, որ ուխտագնացութիւններու շղթան անընդմէջ կը շարունակուի, հակառակ տարբեր ժամանակահատուածներու աշխարհաքաղաքական դէպքերու եւ փոփոխութիւններու. «Հոգեւոր ցնծութեամբ հպարտ են մեր հոգիներն ու սրտերը այս պահուն, երբ ֆիզիքապէս կը վայելենք հոգեպարար եւ աղօթաբոյր սրբավայրը Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքին: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, վստահաբար, ինչպիսի՜ ուխտերով՝ իր ընտանիքին, իր հարազատներուն, իր քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ իր զաւակներուն բարւօք կեանքին համար աղօթքներով եկեր հասեր է այստեղ, խնդրակատար Սուրբ Թադէոս առաքեալին մատուցելու իր հաւատքին երախայրիքը», ըսաւ սրբազանը: Ապա ան անդրադարձաւ տաճարի բարեզարդումին, սկսելով մուտքի դուռէն։

Վերջապէս սրբազան հայրը ողջունեց ուխտաւորները, որոնք հաւատարմութեամբ եկած էին իրենց տարեկան ուխտաւորութեան։

Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ աղօթակցութեամբ հաւատացեալ ուխտաւորներուն:

Ամէնօրեայ դրութեամբ, առաւօտ եւ երեկոյ ժամերգութիւններ տեղի ունեցան տաճարին մէջ, իսկ Ուրբաթ գիշեր ժամը 8ին, կատարուեցաւ Գիշերային ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին: Խորանին աջ կողմը, ամէն տարուան աւանդութեան համաձայն՝ զետեղուած էր հսկայ խաչափայտ մը, գամերով պատուած, որուն վրայ հաւատացեալներ կը զետեղէին իրենց աղօթքները եւ խնդրուածքները, խնդրելով Ս. Թադէոս առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ կոյսին բարեխօսութիւնը:

Յայտնենք, թէ թեմի քահանայ հայրերը Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն նաեւ մկրտութեան արարողութիւն կատարեցին, իրենց զաւակները վանքին մէջ կնքելու ուխտ ունեցող ընտանիքներուն փափաքը իրականացնելով: Խորհրդակատարութիւններէն բացի, անոնք նաեւ աղօրհնէք կատարեցին մատաղցու ոչխարներու զենման համար: Հետաքրքրական էր նաեւ ժողովուրդին զօրեղ հաւատքը, կրծքախաչերու օրհնութիւն հայցող: Հանդիպած հոգեւորականին կը դիմէին անոնք, իրենց նոր գնած խաչերուն համար հոգեւոր օրհնութիւն խնդրելով, որոնց կ՛ընդառաջէին ուխտագնացութեան մասնակցող բոլոր հոգեւորականները, սկսեալ առաջնորդ սրբազանէն:

Շաբաթ, 27 Յուլիսին, Ուխտագնացութեան վերջին օրը, առաւօտեան ժամը 11ին, Ս. Թադէի վանքի տաճարին մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատոյց եւ պատգամեց Ատրպատականի առաջնորդ սրբազանը: Խորանին կը սպասարկէին Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեան եւ Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ Մարտիրոս քհնյ. Ղուկասեան: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը քառաձայն կատարուեցաւ Թաւրիզի «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանին: Ս. Խորանին կը սպասարկէին թեմի սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը՝ զոյգ բուրվառով, քշոցակրութեամբ, կերոնակրութեամբ եւ մոմակրութեամբ:

Թեմակալ առաջնորդը իր հոգեւոր պատգամը յղելով ներկայ ուխտաւորներու բազմութեան՝ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Երկնաւոր Հօր, խաղաղ պայմաններու մէջ սոյն ուխտագնացութեան կայացման համար։

Աւարտին, ան շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց պետական պատասանատուներուն, Արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետին, Չալտրանի կուսակալին, Մշակութային ժառանգութիւններու պետական հիմնարկութեան, Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան պետական կեդրոնին, փոքրամասնութիւններու գրասենակին, ինչպէս նաեւ Ազգային կառոյցներուն՝ Երեսփոխանական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, հոգեւորականաց եւ Սարկաւագաց ու Դպրաց դասերուն, «Կոմիտաս» երգչախումբին, Տիկնանց միութեան, Վանքի ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին, եւ ՀՄԱԿի կարգապահներուն եւ Սկաուտական կազմին, իրենց անվերապահ մասնակցութեան համար:

Ան յատուկ գնահատանք յայտնեց Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեանին, որուն ջանքերով տաճարին զոյգ գմբէթները օժտուած էին հսկայական ջահերով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ պարզ փայտէ շինուած ժամանակաւոր դուռը փոխարինուած էր անոր նախկին իսկական դրան բացառիկ քանդակազարդ կրկնօրինակումով:

Իր պատգամի աւարտին, սրբազան հայրը ուրախութեամբ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. օրհնութեան յատուկ գիր յղած է, իր Հայրապետական օրհնութիւնը բերելու վանքի ուխտագնացութիւններու 65ամեակին առիթով: Ուստի հոգեւորականաց դասը հանդիսաւոր թափօրով վեր բերաւ վեհափառին կոնդակը, զոր առաջնորդ սրբազանը ընթերցեց ի լուր հաւատացեալներուն:

Կաթողիկոսը հաւատքի ամրութիւն եւ քաջալերանք կ՛ուղղէր բոլոր ուխտաւորներուն, նաեւ հայրապետական գնահատանք արձանագրած էր պետական պատասխանատուներուն, սկսեալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթ. Խամենէէն, որոնց հոգածու վերաբերումով ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ ուխտագնացութիւնը: Վեհափառը նաեւ իր Հայրական սէրը կ՛արտայայտէր ազգային կառոյցներուն, որոնց հովանաւորութեամբ, թեմի բոլոր աշխատանքները բնականոն կ՛ընթանան:

Ս. պատարագի աւարտին, Ս. Թադէոս առաքեալի աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, մասնակցութեամբ ներկայ բոլոր հոգեւորականներուն: Երգչախումբը խոր ապրումով հնչեցուց «Կիլիկիա»ն, բարեպաշտ ժողովուրդին երգակցութեամբ: Ապա, սուրբ Աջով գլխաւորուած եկեղեցականաց թափօրը, ուղեկցութեամբ ՀՄԱԿի Թաւրիզի մասնաճիւղի սկաուտական կազմի արիներուն, ուղղուեցաւ դէպի շրջափակը եւ ամբողջ տաճարին շուրջը դառնալով եկաւ առաջնորդական յարկաբաժնին՝ վանահօր սենեակին առջեւ, ուր երգչախումբը կատարեց «Հայր Մեր»ը: Ապա, սրբազան հայրը «Պահպանիչ»ով օրհնեց ժողովուրդը, գնահատական իր խօսքը ուղղեց ազգային իշխանութեան, երգչախումբին, կրտսերաց դպրաց դասին, Տիկնանց միութեան, ու Վանքի ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին, կատարուած կազմակերպ եւ բծախնդիր աշխատանքին համար:

Շաբաթ առաւօտեան, վանքի մօտակայքը տեղադրուած պետական հսկայ վրանին տակ պաշտօնական հանդիպում տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազանին եւ պետական ներկայացուցիչներուն միջեւ, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան, Իրանի եկեղեցիներու պահպանման պետական կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեանի, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հիւրերու:

Երախտիքի իր խօսքերուն մէջ, առաջնորդ սրբազանը յիշեց յատկապէս ապահովական մարմիններուն կատարած զգուշաւոր աշխատանքը, խաղաղ ուխտագնացութիւն ունենալու համար երեք օրերու ընթացքին: Ան յիշեց յատկապէս այն զինուորները, որոնք մինչեւ լոյս լեռներուն վրայ պահպանութիւն կատարելով, ուխտաւոր բազմութեան ապահովութիւնը յանձն առեր էին: Սրբազան հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան Ատրպատականի Փոքրամասնութեան գրասենեակի պատասխանատուին, ինչպէս նաեւ անոր օգնականներուն:

Հանդիպման ընթացքին Կուսակալը եւ Արեւմտեան Ատրպատականի Փոքրամասնութիւններու գրասենեակի կրօնաւորը մեծարանքի խօսքերով գնահատեցին իրանահայութիւնը, որոնք աւանդութիւններու պահպանումով օրինակ կը հանդիսանան այլ մշակոյթներու հետեւող ժողովուրդներուն: Կուսակալը յատկապէս խոստացաւ իր կարելին ի գործ դնել առաւել այցելուներ ունենալու Նահանգի մշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներուն, գլխաւորութեամբ Սուրբ Թադէի վանքին: Ան յայտնեց, որ այս գծով արդէն բանակցութիւններ վարած են տարբեր կողմերու հետ, իրականացնելու համար մեծածախս ծրագիրներ: Հանդիպման աւարտին, դոկտ. Շերլի Աւետեանի կողմէ եւ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ յիշատակի յատուկ նուէր յանձնուեցաւ Չալտրանի կուսակալ Մոհամմէտ Զատէին:

Յայտնենք, որ պետական պատասխանատուները ներկայ գտնուեցան սուրբ պատարագին եւ յարգեցին հայ ուխտաւոր ժողովուրդը, մասնակից դառնալով անոնց աղօթքին:

Ս. Թադէի ուխտագնացութիւնը, շուրջ չորս հազար ուխտաւորներով այս տարի եւս բացառիկ առիթ հանդիսացաւ մեր ժողովուրդին քրիստոնէական հաւատքի վերանորոգելու եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու, գնահատելու այն, ինչը մեր գոյութեան համար անհրաժեշտ է, եւ մեր հաւաքական կեանքի համար էական:

 

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2019, 07:59