Եզիտի կիներ Եզիտի կիներ 

«Տահէշ»ի զոհ դարձած 31 եզիտի կիներ իրենց երեխաներով հասած են Ֆրանսա

Այսպիսով ֆրանսան մինչեւ հիմա ընդունած եղաւ 75 Եզիտի ընտանիքներ, 2018-ի դեկտեմբերէն՝ փախստականներու առաջին խումբի ժամանումէն ի վեր:

Ֆրանսայի՝ փախստականներու ապաստան տալու ծրագրի ծիրէն ներս, երկրի հարաւ-արեւմուտք գտնուող Թուլուզ քաղաքը ընդունեց Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի զոհ դարձած 31 եզիտի կիներ, իրենց երեխաներով: Այս մասին, լիբանանեան «Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»ի համաձայն, յայտարարած է Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Այսպիսով ֆրանսան մինչեւ հիմա ընդունած եղաւ 75 Եզիտի ընտանիքներ, 2018-ի դեկտեմբերէն՝ փախստականներու առաջին խումբի ժամանումէն ի վեր:

Ներքին Գործոց նախարարութիւնը նշած է, թէ այս փախստականները պիտի տեղաւորուին ֆրանասայի տարբեր արուարձաններու մէջ եւ պետութիւնը պիտի ապահովէ  անոնց պաշտպանութիւնը, կեցութիւնն ու կրթութիւնը, նաեւ աջակցի առողջապահական ու ընկերային հարցերուն:

Այս ծրագիրը ծագում առած է, երբ ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն խոստացած է Նոպէլեան մրցանակակիր Նատիա Մուրատին, ապաստան տալ 100 Եզիտի փախստական ընտանիքի:

Վերջին Եզիտի ընտանիքներու խումբը պիտի հասնի նոյեմբերին, ինչպէս նշած է «Բնակարան ու մարդասիրութիւն» կազմակերպութիւնը:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2019, 08:33