«Տահէշ»ի զոհ դարձած 31 եզիտի կիներ իրենց երեխաներով հասած են Ֆրանսա
Ֆրանսայի՝ փախստականներու ապաստան տալու ծրագրի ծիրէն ներս, երկրի հարաւ-արեւմուտք գտնուող Թուլուզ քաղաքը ընդունեց Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի զոհ դարձած 31 եզիտի կիներ, իրենց երեխաներով: Այս մասին, լիբանանեան «Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»ի համաձայն, յայտարարած է Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Այսպիսով ֆրանսան մինչեւ հիմա ընդունած եղաւ 75 Եզիտի ընտանիքներ, 2018-ի դեկտեմբերէն՝ փախստականներու առաջին խումբի ժամանումէն ի վեր:
Ներքին Գործոց նախարարութիւնը նշած է, թէ այս փախստականները պիտի տեղաւորուին ֆրանասայի տարբեր արուարձաններու մէջ եւ պետութիւնը պիտի ապահովէ անոնց պաշտպանութիւնը, կեցութիւնն ու կրթութիւնը, նաեւ աջակցի առողջապահական ու ընկերային հարցերուն:
Այս ծրագիրը ծագում առած է, երբ ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն խոստացած է Նոպէլեան մրցանակակիր Նատիա Մուրատին, ապաստան տալ 100 Եզիտի փախստական ընտանիքի:
Վերջին Եզիտի ընտանիքներու խումբը պիտի հասնի նոյեմբերին, ինչպէս նշած է «Բնակարան ու մարդասիրութիւն» կազմակերպութիւնը:
Քաղուած «Արեւելք»էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ