Գրադարան Գրադարան 

Հայ Կաթողիկէ Համլասարականներուն Միութիւն։

ՀԿՀՄը որպէս համայնքային կազմակերպութիւն, իր դիմագիծին անզիջելի յատկանիշ կը նկատէ քրիստոնէական եւ հայ ազգային պատկանելիութիւնները:ը

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը (ՀԿՀՄ) հիմնուած է 1995 թուականին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, հիմնադիր ունենալով գերյարգելի Հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը:

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը, որպէս համայնքային կազմակերպութիւն, իր դիմագիծին անզիջելի յատկանիշ կը նկատէ քրիստոնէական եւ հայ ազգային պատկանելիութիւնները:

ՀԿՀՄ-ի հայկական դիմագիծը կը դրսեւորուի իր ամբողջական կառչածութեամբ հայկական արժէքներուն, մշակոյթին, լեզուին, հայ ծէսին եւ պատմութեան: Միութիւնը իր  գործունէութեամբ ու գործելաոճով կու գայ ապացուցանելու, որ անզիջող է իր դաւանած սկզբունքներուն, կրօնական ու ազգային արժէքներուն կառչածութենէն, եւ ասոր շօշափելի ապացոյցը կը հանդիսանան Միութեան տարեկան միջոցառումներն ու ձեռնարկները, որոնց մանրամասնութիւնները լոյս կը տեսնեն Միութեան «ՑԱՅԳ» պարբերաթերթին մէջ:

Միութիւնը տարիներէ ի վեր ամէնամեայ դրութեամբ կը կազմակերպէ արգացման Մրցում մը, լիբանանահայ 13 երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն համար պատրաստելով գրքոյկ մը, նպատակ ունենալով անոնց մօտ զարգացնել հայերէնագիտական նիւթերու գիտութիւնը:

ՀԿՀՄ-ը ամէն տարի կը ստանձնէ Հայ կաթողիկէ համայնքէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու կազմակերպչական աշխատանքները: Նոյնպէս, տասնեակ մը տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ լիբանանահայ 13 երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն համալսարանական ուսումնառութեան հնարաւորութիւններու մասին ցուցմունքներ տուող ձեռնարկ մը՝ «BRIGHT» խորագրով, Լիբանանի տարածքին գործող համալսարաններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ, հայ աշակերտին համալսարան մուտքը դիւրացնելու նպատակով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2019, 07:50