Որոնել

Սուրիոյ մէջ գաղթականներու լուսանկար Սուրիոյ մէջ գաղթականներու լուսանկար 

Սուրիոյ հանրապետութեան մուֆթին երախտագիտութիւն յայտնած է ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան գործունէութեան համար

Այցելութեան ընթացքին հանրապետութեան միւֆթին բարձր գնահատած է հայութեան դերը Սուրիոյ մէջ եւ հայութիւնը նկատած սուրիական հասարակութեան անբաժանելի մաս:

Սուրիոյ Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն այցելած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնողներու գլխաւոր կեդրոն: Այցելութեան ընթացքին հանրապետութեան միւֆթին բարձր գնահատած է հայութեան դերը Սուրիոյ մէջ եւ հայութիւնը նկատած սուրիական հասարակութեան անբաժանելի մաս:

Սուրիացի կրօնական առաջնորդը նաեւ նշած է, որ Ցեղասպանութեան պատճառով Սուրիոյ մէջ փրկութեան յոյս գտած հայերը ո՛չ միայն մասնակից դարձած են երկրի կառուցման, այլ նաեւ սատարած են երկու երկիրներու` Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ եղբայրական կապերու ամրապնդման: Ան այս առիթով իր Սուրիոյ պետական մարմիններու, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի երախտագիտական խօսքը ուղղած է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:
Իր կարգին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր հիւպատոսը նշած է, որ սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին Դամասկոսի եւ

Հալէպի մէջ գործող Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները աշխատած են ամբողջական ներուժով` Սուրիոյ ժողովուրդին հետ հաւասարաչափ կիսելով պատերազմի զրկանքներն ու դառնութիւնները:
Ապա պատուիրակութեան անդամները այցելած են խումբի կեցավայր եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնած մարդասիրական առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչներուն:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2019, 10:00