Որոնել

Սուրիա Սուրիա 

Ահաբեկչական պայթուն մը ցնցեց Գամիշլիի հայահոծ թաղամասը

Արձանագրուեցան 11 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ։

Գամիշլիի մեր թղթակից Մարի Մելքոն տեղեկացուց, որ այսօր՝ Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ականապատուած ինքնաշարժի մը ահաւոր պայթումը ցնցեց Գամիշլիի բնակչութիւնը։

Գամիշլիի մեր թղթակից Մարի Մելքոն տեղեկացուց, որ այսօր՝ Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ականապատուած ինքնաշարժի մը ահաւոր պայթումը ցնցեց Գամիշլիի բնակչութիւնը։

Ականապատուած ինքնաշարժ մը կանգ առաւ Սուրիան Օրթոտոքս համայնքի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց, վայրկեաններ անց ինքնաշարժը պայթեցաւ։ Արձանագրուեցան 11 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ։

Յիշենք, որ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին հայկական Ս.Յակոբ եկեղեցին, Ազգային Առաջնորդարանը, Ազգ. Միացեալ Միջնակարգ վարժարանը եւ Գարակէօզեան հաստատութիւնը, որոնք նիւթական թեթեւ վնասներ կրեցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2019, 09:32