Սուրիացի մանուկներ Սուրիացի մանուկներ 

Սուրիոյ մէջ մանուկները կը շարունակեն մահանալ։

«ՈԻՆԻՍԷՖ»ի 2018-ի տուեալներու համաձայն 2 միլիոն 800 հազար մանուկներ զուրկ են ուսմունքէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«ՈԻՆԻՍԷՖ»ը՝ ՄԱԿ-ի մանուկներու ֆոնտը անգամ մը եւս կ՛ահազանգէ ի տես Սուրիոյ մէջ մանուկներու մահուան։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրիոյ մանուկները կը շարունակեն մեռնիլ պատերազմի ու բախումներու պատճառաւ։ Թուրքիոյ սահմանին մօտ՝ Աֆրինի մէջ, անցեալ օր տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին առթիւ իրենց կեանքը կորսնցուցին նաեւ երեք մանուկներ։  «ՈԻՆԻՍԷՖ» ը դատապարտելով պատահածը դիտել կու տայ որ արարքը տեղի ունեցած էր դպրոցի մը մօտ, որ հովանաւորուած է  «ՈԻՆԻՍԷՖ»ի կողմէ եւ որ ծանրապէս վնասուեցաւ պայթումի պատճառաւ։

ՄԱԿ-ի մանուկներու յատկացուած ֆոնտը կը հաղորդէ նաեւ թէ Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ բռնութիւնները սրացումի ընթացքի մէջ են ու այս տարուայ սկիզբէն ի վեր սպաննուած են 140 մանուկներ։ Մինչ միշտ աւելիով խախտուած է  է անոնց ուսմունքի իրաւունքը ու պատերազմի բերումով դպրոցներուն մէկ չորրորդը քանդուած է։ «ՈԻՆԻՍԷՖ»ի 2018-ի տուեալներու  համաձայն 2 միլիոն 800 հազար մանուկներ զուրկ են ուսմունքէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2019, 08:27