Աւրորա Աւրորա 

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը #AraratChallenge համաշխարհային շարժում մը կը սկսի:

Տեսաուղերձով ուղեկցուող #AraratChallenge շարժումը պիտի ընդլայնէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ազդեցութիւնն ու հասանելիութիւնը, որուն նախագիծերը ուղղուած են աղքատութեան կրճատման, առողջապահութեան բարելաւման եւ կարիքաւորները կրթութեամբ ապահովելուն1

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարած է #AraratChallenge շարժման սկիզբը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ IDeA հիմնադրամը։

Նոր շարժում-հանգանակութիւնը նպատակ ունի օգնութեան ձեռք մեկնելու բոլոր անոնց, որոնք մարդասիրական աջակցութեան խիստ կարիք ունին ամբողջ աշխարհի մէջ:

Տեսաուղերձով ուղեկցուող #AraratChallenge շարժումը պիտի ընդլայնէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ազդեցութիւնն ու հասանելիութիւնը, որուն նախագիծերը ուղղուած են աղքատութեան կրճատման, առողջապահութեան բարելաւման եւ կարիքաւորները կրթութեամբ ապահովելուն։ Նուիրատւութեան այս կոչը բոլորին բացառիկ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ միանալու «Աւրորա»ի առաքելութեան եւ խրախուսելու մարդասէրներու յառաջիկայ սերունդները:

Շարժման հիմքը Արարատ լեռն է՝ փրկութեան ու վերածնունդի համամարդկային խորհրդանիշը: Ինչպէս ժամանակին Ցեղասպանութիւնը վերապրած 100.000 հայ որբ երեխաներ հնարաւորութիւն ստացան նոր կեանք սկսելու, այդպէս #AraratChallenge-ը բացառիկ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ իւրաքանչիւրին՝ միանալու այս շարժման եւ երկրորդ հնարաւորութիւն տալու անոնց, որոնք ամենաշատը ունին ատոր կարիքը:

«Արարատը բիբլիական այն լեռն է, որուն վրայ, ըստ առասպելի, իջեւանեց Նոյեան տապանը, այն լեռը, որ կը խորհրդանշէ մարդկութեան ընձեռուած երկրորդ հնարաւորութիւնը: Ինչպէս գիտենք, մէկ դար առաջ երկրորդ հնարաւորութիւն տրուեցաւ մեր նախնիներուն՝ փրկուելու եւ վերապրելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բազմաթիւ մարդիկ, անոնց մէջ նաեւ մեծ հայրս, իրենց կեանքով պարտական են այլոց մեծահոգութեան: Հարիւր տարի անց՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունով՝ մենք հիմնեցինք «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ «Աւրորա» մրցանակը՝ ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: Եւ մեր յանձնառութիւնն է երկրորդ հնարաւորութիւն տալ անոնց, որոնք այսօր կարիքի մէջ են: #Ararat Challenge-ը բացառիկ հնարաւորութիւն է՝ միասին շարունակելու «Երախտագիտութիւնն՝ ի գործ» նախագիծերու շղթան»,- ըսաւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեան:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը այսօր՝ 2019 Յուլիս 19-ին, կը սկսի #AraratChallenge շարժումը՝ համայն մարդկութեան հրաւիրելով միանալու այդ շարժման եւ նուիրաբերելու որեւէ գումար, թէկուզեւ ամիսը 1 ԱՄՆ տոլար,  ապրելու նոր՝ երկրորդ հնարաւորութիւն տալով խոցելի եւ չքաւորութեան մէջ գտնուող մարդոց: Դրամահաւաքը պիտի ուղղուի «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ծրագրերուն, որոնց ուղղակի  շահառուները նոյնինքն կարիքի մէջ գտնուողներն են:

«Իւրաքանչիւրը արժանի է երկրորդ հնարաւորութեան, եւ #AraratChallege-ը կոչ է մարդոց՝ օգնելու մեզի այդ հնարաւորութիւնը տալու ծայրայեղ կարիքի մէջ յայտնուածներուն ամբողջ աշխարհի մէջ: Ես եւ շատ այլ հայեր այսօր ողջ ենք միայն անոր շնորհիւ, որ հարիւր տարի առաջ խիզախ ու կարեկից մարդիկ փրկած են մեր մեծ հայրերը: Այսօր կը շարունակենք ականատես ըլլալ, թէ ինչպէս մարդիկ բռնութեան, պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու զոհ կը դառնան աշխարհի տարբեր անկիւններ: Զարհուրելի այդ վայրագութիւններու առաջին զոհերը ամէնէն յաճախ երեխաներն են: Եւ եթէ հարիւր տարի առաջ մենք էինք օգնութիւն խնդրողները, այժմ մենք կրնանք օգնութեան ձեռք մեկնել, մենք կրնանք փոխել աշխարհը: Այսօր մեզի բախտ վիճակուած է աշխարհը աւելի ապահով վայր դարձնելու եկող սերունդներուն համար: Միացէք #AraratChallenge-ին եւ գործով արտայայտեցէք ձեր երախտագիտութիւնը»,- ըսաւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2019, 12:58