Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոզամբիկի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոզամբիկի նախագահը 

Մոզամբիկի նախագահը «Մոզամբիկի ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին:»

Մոզամբիկի նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին յառաջիկայ 4-10 սեպտեմբեր 2019ին, Մոզամբիկ, Մատակասքար եւ Մաուրիցիւս կատարելիք առաքելական Ճամբորդութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Մոզամբիկի ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին՝ խաղաղութեան եւ աւետարանի ուխտաւորին,  մենք մեզ պատուուած կը զգանք, ֆրանչիսոս Պապին մեր  երկիրը կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար:»

Այսպէս արտայայտուած է Մոզամբիկի նախագահը՝ տիար Ֆիլիփ Նիուզի, երկուշաբթի, 9 յուլիսին, Հռոմի Սան էճիտիօ հասարակութեան կեդրոնատեղիին  տուած այցելութեան ժամանակ :

Մոզամբիկի նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին յառաջիկայ  4-10  սեպտեմբեր 2019ին,  Մոզամբիկ, Մատակասքար եւ Մաուրիցիւս կատարելիք առաքելական Ճամբորդութեան:  Նորին Սրբութիւնը նախատեսուած է  որ Մոզամբիկի Մափութ մայրաքաղաք  հասնի, 4 սեպտեմբերին:

Ան ապա  ողջունելով Սան Էճիտիօ հասարակութիւնը, այս վերջինը   նկատած է տուն՝  եւ Մոզամբիկի եւ խաղաղութեան :  Յիշած է 1990-ին, Սան Էճիտիօ հասարակութենէն ներս, Մոզամբիկի պետութեան եւ ընդդիմադիրներու միջեւ հաշտութեան ի խնդիր, տեղի կատարուած  բանակցութիւնները,  որոնց շնորհիւ, երկու կողմերուն միջեւ 1992-ին , ստորագրուած է  համաձայնագիր մը,  եւ վերջ գտած երկիրը՝ երկար ժամանակէ ի վեր խոցող   հակամարտութիւնները,  որոնց հետեւանքով զոհ ինկան աւելի քան մէկ միլիոն անձ:  

Նշենք, որ Մոզամբիկի նախագահը,  հանդիպում ունեցած է նաեւ  Սան Էճիտիօ հասարակութեան նախագահ,  Անտրէա Ռիքարտիին եւ կարգ մը պատասխանատուներուն հետ:

Ան այս առթիւ  լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին , իր երախտագիտութիւն յայտնած է Հասարակութեան սատարած  բարիքներուն համար՝ ըլլայ Մոզամբիկէ մէջ  ազգային հաշտութեան  ըլլայ առողջապահական ծիրէն ներս մատակարարած օգնութեան համար: 

Նախագահը  շնորհակալութիւն յայտնած է  նաեւ    Մոզամբիկի մէջ վերջերս ջրհեղեղէ աղէտէն տուժուածներուն հասարակութեան մատուցած ծառայութեան համար,  աղէտ մը որուն զոհ գացին աւելի քան 600 մարդիկ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2019, 13:10