Արցախ Արցախ 

Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ Թեմերու երիտասարդներու ուխտգնացութիւնը Արցախ. «Դէպի Սուրբ Էջմիածին, Դէպի Սրբազան Արցախ»

Համահայկական հաւաքին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի թեմերէն ժամանած շուրջ 250 եկեղեցասէր երիտասարդներ:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝  Յուլիս 4-7 տեղի կ՛ ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) «Դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի սրբազան Արցախ» ուխտագնացութիւնը:

Համահայկական հաւաքին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի թեմերէն ժամանած շուրջ 250 եկեղեցասէր երիտասարդներ:

Ուխտագնացութեան մեկնարկը   կատարուեցաւ վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն:

Երիտասարդական հաւաքի մասնակիցները այցելութիւններ կատարեցին Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրեր,  հանդիպում ունեցան Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս Երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները ոլորտի առաջատար փորձագէտներու հետ կը քննարկեն իրենց գաղափարներն ու նախաձեռնութիւնները` բաժնուելով 7 խումբերու. հոգեւոր-ազգային ձեռնարկներ, առեւտուր-ֆորումային, մարզական-ողիմպիական, մշակութային, ընկերային, տեղեկատուական եւ կրթադաստիարակչական: Ծրագրային խումբերու աշխատանքները կը միտին երիտասարդ աշխատակիցներուն մէջ առաջնորդական կարողութիւններու զարգացման, քոյր թեմերու (Հայաստան-Սփիւռք) գործակցութեան խթանման, ՀԵՀԵՄ տարածաշրջանային եւ միջտարածաշրջանային, ինչպէս նաեւ համաերիտասարդական նոր ու կազմակերպուած նախաձեռնութիւններու նախագծման:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2019, 08:00