Փաքիստանի մէջ քրիստոնեաներ աղօթքի ժամանակ Փաքիստանի մէջ քրիստոնեաներ աղօթքի ժամանակ 

Փաքիստանի մէջ քրիստոնեայ երիտասարդ մը ձերբակալուած է Մոհամմատի դէմ հայհոյանքի յանցանքով:

Ասիական այդ երկրին մէջ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքները կը շարունակուին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փաքիստանի մէջ քրիստոնեայ երիտասարդ մը ձերբակալուած է Աստուծոյ դէմ հայհոյած ըլլալու յանցանքով: Նշենք որ Ասիական այդ երկրին մէջ ով որ Աստուծոյ դէմ կը հայոյէ մահապատիժի կ՝ենթարկուի:

Ունկնդրէ լուրը

19 ամեայ Սուննի Վաքաս անուամբ Փաքիստանցի երիտասարդը, մեղադրուած է Մուհամէտ մարգարէին դէմ անարգանքի գրութիւններ ունենալուն պատճառով, ստացած Whatsapp-ի: միջոցաւ: Անոր դէմ բողոք ներկայացուցած է իր դրացին, որ մահմետական է:
Ըստ ոստիկանութեան, Փաքիստանցի երիտասարդին մօտ յայտնաբերուած է պայուսակ մը որուն մէջ կան Աստուծոյ դէմ հայհոյանքի գրութիւններ:

Փաքիստանի մէջ միեւնոյն մեղադրանքով ձերբակալուած է նաեւ այլ 17 ամեայ երիտասարդ մը: Փաքիստանի մէջ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութեան գրասենեակի տնօրէն ՝ Տիար Եուսա Ճիլինի համաձայն, Փաքիստանի մէջ, Աստուծոյ դէմ հայհողողները պատժելու օրէնքը յաճախ օգտագործուած է անձնանան հաշիւներ մաքրելու համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2019, 11:57