Որոնել

Մարոնիթներուն Պատրիարք Պշարա Ռաի Մարոնիթներուն Պատրիարք Պշարա Ռաի 

Ռայի. «Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը գանձ մըն Է, որուն կառչած կը մնանք:»

Լիբանանի մէջ ընկերային եւ տնտեսական կացութիւնը օրըստօրէ աւելի կը վատթարանայ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ցաւ յայտնեց, որ տակաւին մինչեւ օրս կը տառապինք Քապըր Շմունի միջադէպին հետեւանքներէն, որուն պատճառով խանգարուած է նաեւ նախարարաց խորհուրդին աշխատանքային առօրեան:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ ընկերային եւ տնտեսական կացութիւնը օրըստօրէ աւելի կը վատթարանայ` աւելցնելով, որ նիւթական պարտաւորութիւնները կը բարդուին քաղաքացիներուն վրայ, վաճառատուները կը փակուին, իսկ դպրոցները կը տառապին:

Ան լիբանանեան պետութեան կոչ ուղղեց վերջ տալու մսխումին եւ ժողովուրդի յաւելեալ աղքատացումին:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը գանձ մըն է, որուն կառչած կը մնայ` ընդգծելով Լեռնալիբանանի միջադէպին քաղաքական լուծում ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել ազգային միասնականութիւնը:

Ռայի պատրիարքը կարեւորութեամբ շեշտեց հռետորաբանութեան եւ սադրանքներ հրահրող յայտարարութիւններուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2019, 09:47