Երեւանի ազգային մատենադարանը Երեւանի ազգային մատենադարանը 

ՀՀ Լեզուի կոմիտէն համացանցի պաշտօնական կայք պիտի ունենայ

«Ստեղծուած է կոմիտէի տարբերանշանը, մշակուած են գունային լուծումներ, անոնց հիման վրայ կազմուած են Լեզուի Կոմիտէի պաշտօնական ձեւաթուղթերն ու այցեքարտերը»:

ՀՀ Լեզուի Պետական Կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան յայտարարեց, որ շուտով գործել պիտի սկսի Լեզուի Կոմիտէի պաշտօնական կայքը` langcom.am-ը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ կոմիտէի պաշտօնական լրատու եւ լեզուական հարթակ` յագեցած բազմաբնոյթ նիւթերով, նոյնիսկ` խաղերով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Ամփոփելով առաջին կիսամեակի աշխատանքը` Դաւիթ Գիւրջինեան ըսաւ. «Ստեղծուած է կոմիտէի տարբերանշանը, մշակուած են գունային լուծումներ, անոնց հիման վրայ կազմուած են Լեզուի Կոմիտէի պաշտօնական ձեւաթուղթերն ու այցեքարտերը: Խմբային աշխուժ աշխատանք կատարուած է թուային տիրոյթին մէջ: Կոմիտէի դիմատետրի էջին վրայ մէկ տարուան ընթացքին կատարուած է աւելի քան 700 գրառում, պատասխան ուղարկուած է օգտատէրերէն ստացուած հարիւրաւոր նամակներու: Էջի հետեւորդներուն թիւը կը մօտենայ 22 հազարի: Լրատուամիջոցներուն, տեղական ինքնակառավարման եւ պետական մարմիններուն ուղարկուած է երկու տասնեակէ աւելի յորդորակ: Մեր յորդորակները արդէն յայտնի եւ ճանաչելի են, մարդիկ կը սպասեն: Անոնք կ՛ուղարկուին հարիւրաւոր հասցէներով: Յորդորակներով կ՛անդրադառնանք լեզուական հարցերուն եւ անոնց վրայ կը սեւեռենք հանրութեան տարբեր շերտերուն ուշադրութիւնը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հիմնականին մէջ ո՛ր ոլորտներուն մէջ լեզուական առումով յաճախակի հարցեր կ՛ ըլլան, Դաւիթ Գիւրջինեան առանձնացուց պատկերասփիւռի կայանները, հաղորդումները, ժապաւէնները, նոյնիսկ` լուրերը: «Մեր աշխատակիցները կը հետեւին եթերին եւ ամփոփագրեր կ՛ուղարկեն լրատուամիջոցներուն: Արձագանգը միշտ կ՛ըլլայ դրական եւ շնորհակալական, թէ որքանո՛վ արդիւնք կու տայ, արդէն այդ հարց է: Երբեմն կը տպագրեն, կը հաղորդեն յորդորակը, եւ յաջորդ անգամ կը տեսնենք նոյն սխալը», յայտնեց Լեզուի կոմիտէի նախագահը:

Անդրադառնալով պաշտօնեաներուն գործածած լեզուին` Դաւիթ Գիւրջինեան յայտնեց, որ անոնք հայերէն լաւ գիտեն: «Կան տեսակէտեր, որ այդ խօսքը պէտք է ըլլայ կանոններու խիստ համապատասխան, մէկ մասն ալ կը կարծէ, որ ժամանակները փոխուած են, լեզուն նոյնպէս կը փոխուի: Իմ մօտեցումս ո՛չ մէկուն կողմն է, ո՛չ միւսին, պէտք է ամէն ինչի մասին տեղեկանալ: Եթէ պաշտօնական, կառավարական եթերի վրայ է եւ նոյնանման տեղեր, ապա, այո՛, խօսքը պէտք է ըլլայ կանոններու համահունչ: Եթէ մէկը իր անձնական տիրոյթին` ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կը կատարէ, ապա այդ մէկը անձնական կարծիք է: Այստեղ վերահսկելիութեան չափը, մօտեցումը պէտք է տարբեր ըլլայ», եզրափակեց Լեզուի Կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2019, 10:00