Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով 

Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով

Վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանան բազմաթիւ փոթորիկներ եւ պատերազմներ դիմագրաւած է ու քաջութեամբ եւ ազգային միասնականութեամբ շրջանցած զանոնք:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը, որուն հրաւիրած էր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան:

Վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ահմետ Խաթիպ, յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը, ասորի կաթողիկէ համայնքի Իգնատիոս Եունան պատրիարքը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ:

Վեհաժողովին ընթացքին շէյխ Հասան կոչ ուղղեց հարցերը գիտակցութեամբ լուծելու` շեշտելու համար երկրին ազգային սկզբունքները:

Միւֆթի Տըրիան իր կարգին նշեց, թէ իրենք յանձնառու պիտի մնան Թաէֆի համաձայնագիրին եւ լիբանանեան սահմանադրութեան սկզբունքներուն գործադրութեան:

Ռայի պատրիարքը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իրենք կ՛աղօթեն Լիբանանի, լիբանանցիին եւ հայրենիքին փրկութեան համար:

Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ այս վեհաժողովը առիթ մըն է շեշտելու, թէ իրենք միասնականութեամբ կը գործեն ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:

Վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանան բազմաթիւ փոթորիկներ եւ պատերազմներ դիմագրաւած է ու քաջութեամբ եւ ազգային միասնականութեամբ շրջանցած զանոնք:

«Լիբանանցին կառչած մնացած է իր ազգային միասնականութեան եւ այդպիսով կրցած է տոկալ ապահովական, տնտեսական եւ որեւէ տեսակի սպառնալիքի», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը վեհաժողովին ընթացքին ընդգծեցին, որ լիբանանեան համերաշխութեան, յատկապէս Լեռնալիբանանի համակեցութեան հասնելիք որեւէ վնաս կը վտանգէ ամբողջ Լիբանանը եւ պատգամի երկիր ըլլալու անոր իրականութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը գանձ մը որակելը լաւագոյնս կ՛արտայայտէ ճշմարտութիւնը` ընդգծելով, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու վեհաժողովը կառչած կը մնայ երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած ազգային միասնականութեան սկզբունքներուն:

Վեհաժողովը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն պաշտպանելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, համերաշխութիւնը եւ իսլամ-քրիստոնեայ ազգային համակեցութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց անոնց աշխուժացնելու եւ նեցուկ կանգնելու սահմանադրական, դատական եւ ապահովական հաստատութիւններուն գործունէութեան:

Իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու վեհաժողովը ողջունեց լիբանանեան բանակը, որ կը հսկէ երկրին ապահովութեան ու քաղաքացիին անվտանգութեան:

Արամ Ա. Կաթողիկոս. Մենք Բոլորս Լիբանանի Լեզուն Կը Խօսինք` Երկխօսութեան, Գործակցութեան Եւ Համակեցութեան Լեզուն»

Վեհաժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ. «Ներկայ համաժողովը իր զանազանութեամբ լիբանանեան հարազատ պատկերը կը ներկայացնէ, սակայն այդ զանազանութիւնը կամրջողը մեր միասնականութիւնն է: Մենք տարբեր համայնքներու կը պատկանինք, սակայն նոյն լեզուն կը խօսինք` Լիբանանի լեզուն, այլ խօսքով` երկխօսութեան, գործակցութեան եւ համակեցութեան լեզուն: Այս է Լիբանանը, համակեցութեան երկիր. այս է Լիբանանի իւրայատկութիւնը: Մենք մէկ ընտանիք ենք. նոյն ընտանիքին մէջ հարցեր, նեղութիւններ եւ զգայութիւններ կը ծագին, սակայն անհրաժեշտ է փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծել մեր հարցերը` առանց արտաքին միջամտութեան: Միջին Արեւելքը նոր տագնապներու սեմին կը գտնուի. պէտք է ըլլալ զգուշ. որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ներքին միասնականութիւնը հրամայական է: Լիբանանի պատմութեան դժուար պահերուն ժողովուրդը հոգեւոր պետերուն կը նայի: Մենք ո՛չ միայն ըսելիք ունինք, այլ նաեւ պէտք է ընելիք ունենանք: Չենք կրնար անտարբեր մնալ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերատնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց: Քաղաքական պատասխանատուներուն պէտք է յիշեցնել եւ երբեմն զգաստութեան հրաւիրել, որպէսզի անոնք ծառայեն ժողովուրդին` անոնց շահերը նկատելով իրենց ծառայութեան նպատակը»:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2019, 09:23