Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալզհար Ահմետ Մուհամմետ Ալ Թայիպ իմամը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալզհար Ահմետ Մուհամմետ Ալ Թայիպ իմամը 

Մահմետական առաջնորդները կը վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին:

Հաւատարմութեան վերահաստատման փաստաթուղթը ստորագրած են 22 մահմետական մտաւորականներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մահմետական 22 մտաւորականներ նամակով մը իրենց հաւատարմութիւնը վերահաստատած են Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալզ Ազհար իմամի միջեւ ստորագրուած միասնական եղբայրութեան փաստաթուղթին՝ ստորագրուած Ապու Տապիի մէջ:

Հաւատարմութեան փաստաթուղթը ստորագրած են 22 սիւննի, Շիի եւ Սուֆի մահմետական մտաւորականներ: Փաստաթուղթը կը  կրէ «Եղբայրութիւնը ճանչնալու եւ գործակցելու համար» տիտղոսը:  Ան բաղկացած է 15 էջերէ եւ որուն նախաձեռնողը եղած է Իտալիոյ մէջ մահմետական հասարակութեան նախագահ Իմամ Եահյա Փալլավիիննի, գործակցութեամբ՝ Ֆրանսայի մէջ Իսլամական ուսմունքներու կեդրոնին:

Փաստաթուղթը ստորագրած են նաեւ կարգ մը մահմետական մտաւորականներ, որոնք 2007- ին, ստորագրած էին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին հասցէագրուած նամակ մը ինչպէս նաեւ Մարաքէշի յայտարարութիւնը՝ կրօնական փոքրամասնութիւններուն մասին :

Մահմետական կրօնաւորներու հաւատարմութեան փաստաթուղթին մէջ, մարդկային եղբայրութիւն փաստաթուղթը նկատուած է մահմետականներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ յարաբերութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ հիմնարկային ձեռնարկ , նշան՝ նոր փուլի մը որ կ՝առաջնորդէ դէպի ՝ յայտնութիւններու, աստուածաբանութիւններու, կրօններու,  լեզուներու եւ կրօնական հասարակութիւններու օրինականութեան ճանաչումին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2019, 11:56