Կարնոյ հայկական Ս․ Մինաս եկեղեցի Կարնոյ հայկական Ս․ Մինաս եկեղեցի 

Գանձագողերը Կարնոյ հայկական Ս․ Մինաս եկեղեցւոյ մէջը Լրիւ փրած են. Թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն մեղադրել հայերը:

1790-ականներէն մեր օրեր հասած հայկական պատմական Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ մէջ գանձագողերը այլեւս չփորուած տեղ չեն ձգած

Կարնոյ (թրքական անուանումը` Էրզրում) մէջ 1790-ականներէն մեր օրեր հասած հայկական պատմական Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ մէջ գանձագողերը այլեւս չփորուած տեղ չեն ձգած, իսկ եկեղեցւոյ մօտ անօրինական շինարարութիւն կը կատարուի: Այդ մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Իհլաս» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրի համաձայն` ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող Էրզրում նահանգի Ազիզիէ գաւառին մէջ 1790 թուականին հայերու կողմէ կառուցուած եկեղեցւոյ մէջ գանձ որոնողները, հայերու ոսկիները գտնելու մոլուցքով տարուած, անօրինական կերպով փոսեր բացած են: Թրքական աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ Ազիզիէի գաւառապետարանը դիմած է գերմանաբնակ հայու մը, որուն կը պատկանի այդ եկեղեցին, սակայն վերջինս համաձայնութիւն չէ տուած զայն վերականգնելու, իսկ տեղի բնակիչները իբրեւ թէ կը պահանջեն վերանորոգել եկեղեցին ու մաքրել անոր շրջակայքը:

Այսպիսով, թրքական իշխանութիւնները եւ անոնց ծառայող մամուլը սկսած են նման դէպքերու մեղքը բարդել հայերու վրայ: Ինչպէս յայտնի է, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ նման իրավիճակներու, երբ գանձագողերը կ՛աւերեն հայկական մշակութային արժէքները: Այս պարագային հետեւեալ հարցը կ՛առաջանայ. իսկ միթէ՞ մեղաւորը այդ եկեղեցւոյ տէր գերմանաբնակ հայն է, որ թրքական իշխանութիւնները չեն կրնար պաշտպանել մշակութային արժէքները գանձ որոնողներու աւերածութիւններէն: Անհաւանական չէ, որ թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն հայ բարերարի հաշուին վերանորոգել այս հայկական եկեղեցին եւ զայն վերածել հերթական հասարակական շինութեան, որուն նախադէպները շատ են Թուրքիոյ մէջ:

Մելինէ Անումեան

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2019, 09:45