Որոնել

Հնդկաստանի մէջ ողողումներ Հնդկաստանի մէջ ողողումներ 

Հնդկաստան. տեղատարափ անձրեւներու պատճառաւ 200 զոհ

Ամէն տարի Հարաւային Ասիոյ հողատարածքին մէջ ջրհեղեղներու պատճառաւ կը մեռնին հարիւրաւոր մարդիկ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հնդկաստանի, Պանկլատէշի եւ Նեփալի մէջ տեղատարափ անձրեւներու եւ ողողումներու հետեւանքով մահացած են աւելի քան 200 անձեր: Հնդկաստանի հիւսիս-արեւելք շրջանին մէջ աւելի քան 3 միլիոն անձ ստիպուած ՝ լքած են իրենց բնակարանները:

«Ասսամ» նահանգին մէջ Պրահմաբութրա գետի յորդումի պատճառով վնասուած են աւելի քան 1800 բնակավայրեր:

Ամէն տարի Հարաւային Ասիոյ հողատարածքներուն մէջ  ջրհեղեղներու պատճառաւ կը մեռնին հարիւրաւոր մարդիկ  եւ շուրջ 3 միլիոն անհատ ստիպուած կը հեռանան իրենց օճախներէն:

Օդերեւութաբանական տուեալներուն համաձայն նախատեսուած է, որ յառաջիկայ օրերուն տեղատարափ անձրեւները շարունակուին:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2019, 11:40