Հաուըրտ Գարակէօզեանի (1904-1918) կիսանդրի Հաուըրտ Գարակէօզեանի (1904-1918) կիսանդրի 

Հաուըրտ Գարակէօզեանի (1904-1918) կիսանդրիի բացման պաշտօնական հանդիսութիւն

Լիբանանահայ համայնքի երեք հոգեւոր պետերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանի (1904-1918) կիսանդրիի բացման արարողութիւնը

Հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան մուտքին լիբանանահայ համայնքի երեք հոգեւոր պետերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանի (1904-1918) մահուան 101-ամեակին առիթով անոր կիսանդրիի բացման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց պաշտօնական հանդիսութիւն` հաստատութեան բակին մէջ: Նախքան կիսանդրիի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` վաղամեռիկ Հաուըրտ Գարակէօզեանի հոգւոյն համար:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ ձեռնարկը, ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ժանին Դանիէլեան: Ան ըսաւ, թէ եկած ենք երախտագիտութեան եւ անմոռացութեան կիսանդրի մը զետեղելու հաստատութեան մուտքին` ի յիշատակ Հաուըրտ Գարակէօզեանի, որուն կեանքը եղած է կարճ, սակայն Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ իր հարազատներուն յանձնառութեամբ դարձած է օրհնութիւն սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ազգի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ բազմահազար ոչ հայ ընտանիքներուն համար: Ան նշեց, որ Հաուըրտ Գարակէօզեանի ծնողները հաւատքով եւ Աստուծոյ զօրութեամբ կրցած են վառել «Գարակէօզեան» հաստատութեան ջահը, որ տասնամեակներ շարունակ լուսաւորած է ու կը լուսաւորէ բազմահազար կեանքեր եւ կը շարունակէ ճառագայթել` արցունքները վերածելով ժպիտի:

Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան վարչական մարմինի խօսքը արտասանեց Կարպիս Մարգարեան: Ան ըսաւ, որ Հաուըրտ Գարակէօզեանի ծնողները իրենց որդին կորսնցնելու ցաւը օրհնութեան վերածած են` հիմնելով բազմահազար հայ փոքրիկներու հոգատարութեան նուիրուած հաստատութիւններ աշխարհի կարգ մը հայաշատ կեդրոններու մէջ: Ան ըսաւ, թէ բարերար Միհրան Գարակէօզեան 1939-ին Պէյրութի մէջ հիմը դրած է այս հաստատութեան: 80 տարիներու կեանք ունեցող Լիբանանի «Գարակէօզեան» հիմնարկը հերթաբար փոխուող վարչական մարմիններու հոգածութեան առարկան դարձած է` նախ ունենալով նեցուկը բարերարին դստեր` Լէյլայի եւ անոր մահէն ետք Նիւ Եորքի խնամակալ մարմինի անդամներուն: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի խորհրդատու վարչական մարմինը տարիներու ընթացքին տնօրէններուն հետ գործակցաբար իրականացուցած է ազգօգուտ բժշկական, ընկերային եւ մանկախնամ ծրագիրներ` հասնելով հայ փոքրիկներուն եւ անոնց ընտանիքներու ծով կարիքներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Գարակէօզեան» հիմնարկի Կեդրոնական վարչութեան (Նիւ Եորք) նախագահ Զաւէն Թաշճեան: Ան ըսաւ, թէ այսօր ուրախութեամբ կը մասնակցի Հաուըրտ Գարակէօզեանի  յիշատակին զետեղուած անոր կիսանդրիի բացման արարողութեան եւ հանդիսութեան: Ան յայտնեց, որ փոքրիկն Գարակէօզեանի մահով յառաջ եկած է յարգարժան «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, որ իր կարգին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` Թուրքիա, Յունաստան, Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա եւ Հայաստան, հազարաւոր փոքրիկներու կեանք փրկած է եւ օգտակար դարձած անոնց ընտանիքներուն: Ան ըսաւ նաեւ, որ հաստատութիւնը ընկերային եւ այլ ծառայութիւններ կը մատուցէ հայ ազգի զաւակներուն: Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութիւն կ՛այցելեն մօտաւորապէս 50 հազար հիւանդներ:

Խօսքի աւարտին Զ. Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան հոգաբարձութեան անդամներուն եւ ատենապետ Կարպիս Մարգարեանին, որոնք մեծ հոգածութեամբ կը պահեն հաստատութիւնը: Յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ անշահախնդիր եւ աշխատասէր տնօրէն Սերոբ Օհանեանին:

Ցուցադրուեցաւ «Որդիին անունով» խորագիրը կրող տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Հաուըրտ Գարակէօզեանի կարճատեւ կեանքին, ապա «Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ:

Հաուըրտ Գարակէօզեանի քանդակին մասին բացատրութիւններ տուաւ ճարտարապետ եւ քանդակագործ Տիգրան Գալուստեան: Ան ըսաւ, թէ ինք եւ իր տղան ` Շանթ Գալուստեան, մեծ սիրով պատրաստած են Հաուըրտ Գարակէօզեանի քանդակը, որ ցոյց կու տայ անոր հոգեղէն վիճակէն մարմնեղէնի մարմնաւորման ընթացքը: Ան Հաուըրտը նմանցուց հրեշտակի մը, որուն թեւերը անհաւասար են, ճիշդ Մեծ ու Փոքր Մասիսներուն նման: Փոքրիկին ձեռքին մէջ նուռը առողջութեան խորհրդանիշն է, ըսաւ ան:

Ապա Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց Սերոբ Օհանեան: Ան ըսաւ, թէ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը 97 տարեկան է  եւ կը պատրաստուի 100-ամեակի հանդիսութեան: Հաստատութիւնը 1950-60-ական թուականներուն եղած է մանուկներու համար նախատեսուած փոքր դարմանատուն մը, որ նոյն ատեն հոգ կը տանէր հայկական վարժարաններու աշակերտներուն, իսկ այսօր հաստատութիւնը իր բազմաթիւ ծառայութիւններով օգտակար կը հանդիսանայ հայ ընտանիքին, հայ եւ ոչ հայ բազմաթիւ երեխաներու:

Ան յայտնեց, որ հաստատութեան բազմաթիւ ծառայութիւնները կը մատուցուին հաստատութեան անձնուէր անձնակազմի անդամներուն շնորհիւ, որոնք կը հաշուեն 120 հոգի: Ան նշեց, որ մօտ օրէն հաստատութիւնը պիտի ունենայ նաեւ իր նորակառոյց շէնքը:

Խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Գարակէօզեան»-ի աշխատանքը կ՛իրականացուի ո՛չ միայն հաստատութեան կողմէ, այլ նաեւ հայ համայնքի բոլոր բաղկացուցիչ կառոյցներուն եւ տարրերուն շնորհիւ: Միասնաբար Լիբանանը պիտի դառնայ առողջ եւ սիրուն երկիր մը, որ կեանքով կը տրոփէ»:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը «Գարակէօզեան» հաստատութեան ծառայութիւններուն մասին:

Ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանի: Երգչախումբը ներկայացուց կտորներ Կոմիտաս վարդապետէն եւ Բարսեղ Կանաչեանէն: Ապա Գեղամ Սարգիսեան դաշնակով ներկայացուց Կոմիտասէն երաժշտական կտոր մը: Սելլա Սվաքճեան ջութակով մեկնաբանեց Խաչատուրեանի «Նոքթիւրն» կտորը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանի: Այնուհետեւ Արազ Էլէյճեան ապրումով ասմունքեց Պեպօ Սիմոնեանի «Արմատը» բանաստեղծական կտորը:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսը: Ան ըսաւ, թէ այսօրուան երախտագիտութեան հանդիսութիւնը կու գայ ըսելու, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը պարզապէս հաստատութիւն մը չէ, այլ հարազատ, ջերմիկ ընտանիք մըն է: «Գարակէօզեան» հաստատութեան հանդէպ բառերով կարելի չէ բաւարարել մեր երախտագիտութիւնը, այլ` գործով եւ մասնակցութեամբ: «Այսօր Նիւ Եորքի կեդրոնէն մինչեւ Լիբանան եւ ամէն տեղ, ուր «Գարակէօզեան»-ը կը գործէ, կը ծառայէ, կը հասնի հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան կարիքներուն, մենք միայն կրնանք մեր գլուխը խոնարհեցնել եւ ըսել` օրհնեալ ըլլայ յիշատակը Գարակէօզեան ընտանիքին ու մասնաւորաբար Հաուըրտ Գարակէօզեանին եւ վարձքը կատա՛ր բոլոր նուիրեալներուն, որոնք այդ յիշատակը կը վերածեն ամէնօրեայ օրհնեալ ծառայութեան», ըսաւ սրբազան հայրը, ապա շարունակեց. «Հաուըրտ Գարակէօզեան 14 տարեկանին այս կեանքէն բաժնուեցաւ, բայց մնաց այս կեանքին մէջ, եւ ո՛չ միայն իր կեանքը, այլ նաեւ հայ ժողովուրդին կեանքը հարստացուց»:

Առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, թէ ամէն անգամ, երբ այս հաստատութեան մէջ կը մտնենք, աղօթքով մեր քայլերը պէտք է առաջնորդենք, եւ ամէն անգամ, երբ այս հաստատութեան բարիքները վայելելէ ետք դուրս կ՛ելլենք, կանգ առնենք Հաուըրտի արձանին առջեւ եւ խունկին անուշահոտութիւնը տանինք մեր կեանքին:

Խօսքի աւարտին սրբազանը յայտնեց, որ Հաուըրտի արձանը պաշտօնական ներկայութիւն չէ հաստատութեան մուտքին, այլ հաստատութեան ոգին է, նուիրումը, տեսլականը, եռանդը, զոհողութիւնը եւ սպասաւորութիւնը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ պահպանիչով: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2019, 07:55