Որոնել

Գալուստ Կիւլպէնկեան Գալուստ Կիւլպէնկեան 

Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի նշում Լիզպոնի մէջ

Այս տարի, 19 Յուլիսի ոգեկոչումները բոլորովին տարբեր տարողութիւն մը ունէին՝ նկատի ունենալով, որ ներկայ տարին Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին կը զուգադիպի:

Ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան անցեալ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի կը նշուի Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը: Յոբելենական տարուան շրջանակներուն մէջ կեանքի կը կոչուին զանազան ծրագրեր եւ կը կազմակերպուին ձեռնարկներ, որոնք առիթ կը հանդիսանան Գալուստ Կիւլպէնկեանի թողած աւանդին, անոր հետ պայմանաւորուած ժառանգութեան եւ անոր մարմնաւորած կերպարի լաւագոյնս արժեւորման:

Հարկ է նշել, որ ամէն տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան 19 Յուլիսին կ՛ոգեկոչուի Լիզպոնի մէջ: Իր անունով գործող մեծ հիմնարկը այդ թուականը որդեգրած է՝ վերյիշելու համար ազգային մեծանուն բարերարը:

Այս տարի, 19 Յուլիսի ոգեկոչումները բոլորովին տարբեր տարողութիւն մը ունէին՝ նկատի ունենալով, որ ներկայ տարին Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին կը զուգադիպի: Այս առթիւ, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնական համալիրին մէջ տեղի ունեցան զանազան արարողութիւններ, որոնց մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան:

19 Յուլիսի առաւօտուն, Գալուստ Կիւլպէնկեանի համանուն հիմնարկի կեդրոնական համալիրին մէջ զետեղուած արձանին շուրջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ծրագիրին առաջին փուլը: Այսպէս, հիմնարկի հոգաբարձութեան նախագահ Իզապել Մոթա եւ միւս վարչականները, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութիւնը ծաղիկներ թողեցին Գալուստ Կիւլպէնկեանի արձանին առջեւ՝ բերելով իրենց խոնարհումը: Ներկայ էին նաեւ հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ անոր գործակիցները: Բնականաբար, ամբողջ ծրագիրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի շառաւիղը՝ Մարթին Էսայեան, որ համանուն հիմնարկի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն մին է: Ծաղիկներու թողման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Խաժակ արք. Պարսամեան:

Ոգեկոչման ծրագիրը աւելի ուշ շարունակուեցաւ Ֆաթիմայի Սուրբ Աստուածամօր կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Լիզպոնի այս կարեւոր սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան նախագահեց տեղւոյն պատրիարքը՝ Մանուէլ Քլեմենթ:

Օրուան երկրորդ կիսուն ոգեկոչման ծրագիրը շարունակուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնական համալիրին մէջ: Յատկանշական ծրագրեր նախատեսուած էին նաեւ այս փուլին: Արդարեւ, հիմնարկի կեդրոնակայանի երկրորդ լսարանի երդիքին տակ ծանօթացուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ հրատարակուած շահեկան գիրք մը:

Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ իր թոռան ուղարկուած նամակներու վերաբերեալ եզակի գիրք մըն է այս մէկը, որուն շնորհահանդէսը արժանացաւ լայն հետաքրքրութեան: Գինեձօնին ընթացքին զանազան ատենախօսներ մեկնաբանեցին գիրքին բովանդակութիւնը եւ անոր լոյսին տակ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ զանազան երեսակներ:

Գիրքին ներկայացումէն ետք, հիմնարկի կեդրոնական համալիրի մեծ ամփիթատրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ծրագիրի կարեւորագոյն փուլերէն մին: Այսպէս, «Կիւլպէնկեան» մրցանակի յանձնման արարողութիւնը կատարուեցաւ՝ մասնակցութեամբ Փորթուգալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզայի: Հաւաքոյթին ընթացքին Փորթուգալի ղեկավարը հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը: Մրցանակաբաշխութեան արարողութենէն ետք «Կիւլպէնկեան» նուագախումբը տուաւ համերգ մը, որուն մասնակցողները հիացումով հետեւեցան գործադրուած յայտագիրին: Հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը:

Խաժակ արք. Պարսամեան Լիզպոնի այս հանդիսութիւններուն ընթացքին առիթը ունեցաւ զրուցելու Փորթուգալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզայի հետ: Անմիջական ու ջերմ խօսակցութեան ընթացքին Փորթուգալի ղեկավարը նշեց, որ իր երկրի ժողովուրդն ու պետութիւնը միշտ խոր երախտագիտութեամբ կը վերյիշեն Գալուստ Կիւլպէնկեանը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան իր թողած մեծ ժառանգութեամբ եւ կենդանութեան օրօք ծաւալած գործունէութեան բերումով առընչուած է աշխարհագրական մեծ տարածքի մը հետ: Բայց եւ այնպէս, քանի որ իր անունով ստեղծուած հիմնարկը կը գործէ Լիզպոնի մէջ, իրեն առընչակից ընդարձակ աշխարհագրութեան մէջ առանձնայատուկ կէտի մը վերածուած է Փորթուգալի մայրաքաղաքը: Ուստի, իր 150-ամեակի յոբելենական տարուան գործունէութիւններուն ծիրէն ներս Լիզպոնի մէջ կազմակերպուած այս պատշաճ շուքով հանդիսութիւնները առարկայ դարձան առանձնայատուկ ուշադրութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2019, 12:46