Նէլսոն Մանտելա Նէլսոն Մանտելա 

''Նէլսոն Մանտելայի'' Անուան Միջազգային Օր։

1918 թուականին ծնած Մանտելան Հարաւային Ափրիկեան իրականութենէն ներս մեծ հեղինակութիւն վայելող եւ ժողովրդագրական հսկայ հատուած ներկայացնող Քհոսա ցեղի առաջնորդին աւագ որդին էր։

Մեծարելու նպատակաւ Հարաւային Ափրիկէի երբեմնի նախագահ` Նէլսոն Մանտելան ու անոր սատարը ի սպաս խաղաղութեան եւ ազատութեան մշակոյթի կերտումին,  2010 -ին Մակը 18 յուլիսը, անոր ծննդեան տարեդարձի օրը,  հռչակեց  ''Նէլսոն Մանտելայի'' անուան Միջազգային Օր։

1918 թուականին ծնած Մանտելան Հարաւային Ափրիկեան իրականութենէն ներս մեծ հեղինակութիւն վայելող եւ ժողովրդագրական հսկայ հատուած ներկայացնող Քհոսա ցեղի առաջնորդին աւագ որդին էր։

Իրաւաբանութեան մասնագիտութեան տիրանալէ ետք, 1944 թուականին կ՛անդամակցի Ափրիկեան Ազգային Քոնկրէս կուսակցութեան, որ երկրի սեւամորթ բնակչութեան հնագոյն քաղաքական կազմակերպութիւնն էր։

Պայքարի սկզբնական տարիներուն, Մանտելա կը յաջողի խուսափիլ երկրի սպիտակամորթ փոքրամասնական իշխանութեան ձերբակալութիւններէն, մինչեւ 1962 թուականի Օգոստոս, երբ Հարաւային Ափրիկէի պետական սահմանը ապօրինի կերպով հատելու մեղադրանքով կը ձերբակալուի եւ կը դատապարտուի հնգամեայ բանտարկութեան։ Սակայն պատժի գործադրութեան ընթացքին՝ 1964-ին զայն անգամ մը եւս կ՛ամբաստանեն իր արգելարանէն ներքին հասարակական խլրտումներ հրահրելու եւ հակապետական շարժում ստեղծելու, ղեկավարելու յանցանքով՝ այս անգամ ցմահ ազատազրկման պատիժ սահմանելով անոր։

Զինք դատող իրաւական ատեանին առջեւ Մանտելա կը խօսէր ժողովրդավարական իտէալներու եւ ազատ, քաղաքակիրթ հասարակութեան մասին, ուր պետութեան բոլոր քաղաքացիներ կ՛ապրին համատեղ խաղաղ, արդար, եւ համահաւասար հնարաւորութիւններ ընձեռող համերաշխ կեանք մը։ Այդ բոլորը իտէալ համարելով հանդերձ՝ ան ամենայն հաւատքով կը յուսար, որ պիտի գայ այն օրը, երբ պիտի կենսագործուին այդ իտէալները, իսկ հակառակ պարագային՝ պատրաստ էր յանուն այդ նուիրական նպատակին, այդ վսեմ սկզբունքներուն սեփական կեանքն անգամ ընծայաբերելու։

Մանտելա 27 տարիներ բանտարկուելով ողջ մարդկութեան ապացուցեց, որ ազատազրկումը կամ որեւէ տեսակի բռնութիւն անկարող կը մնայ ընկճել մարդկային հզօր կամքը եւ վարկաբեկել ազատ մահկանացուի արժանապատուութիւնը։ ''Ես վստահ եմ, որ կը տոկամ անձիս բաժին ինկած տառապանքին, փորձութիւններուն ու կը գոյատեւեմ, որովհետեւ ոչ ոք եւ ոչ մէկ միջոց պիտի կարողանան պարտութեան մատնել զիս, նսեմացնել արժանապատուութիւնս, անկաշանդ եւ արժանավայել ապրելու իմ վճռականութիւնս։ Ես պիտի չնահանջեմ եւ պիտի չյանձնուիմ որեւէ պարագայի։ Համոզուած եմ, որ անպայման պիտի գայ այն օրը, որ ազատութիւն պիտի շնորհէ անձնապէս ինծի եւ իմ տառապեալ ժողովուրդին։

Իր կրած տառապանքներուն եւ դժբախտութեանց համար Մանտելա ամենեւին չմեղադրեց երկրի սպիտակամորթ փոքրամասնութիւնը։ Անոր ըմբոստութիւնը տիրող ցեղապաշտ համակարգին ուղղուած էր եւ ոչ թէ՝ հարաւափրիկեան հասարակութիւնը կազմաւորող փոքրամասնական բաղադրիչներու դէմ։ Արդարեւ, 27 Ապրիլ 1994 թուականին կազմակերպուած ընտրութիւններու նախօրէին ան կոչ ուղղած էր երկրի սեւամորթներուն ներողամտութեամբ, բարեացակամութեամբ եւ մեծահոգութեամբ վարուելու սպիտակամորթ փոքրամասնութեան նկատմամբ՝ ապահովելով անոնց անվտանգութիւնը եւ վստահութիւն ներշնչելով բոլորին։

Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Մանտելա երբ պատահաբար հանդիպեցաւ զինք ցկեանս բանտարկութեան դատապարտած դատաւոր Փերսի Եութարին, ամենայն քաղաքավարութեամբ եւ ներողամտութեամբ ժպտեցաւ, բարեւեց, ապա իր ձեռքը անոր ուսին դնելով շշնչաց. ՙԵղածը անցած է՚։

Հանդիպումէն ետք, Փերսի Եութար չհաւատալով պատահածին, Մանտելան որակած էր աշխարհիկ սուրբ։

Վայելելով գերհզօր, անմրցելի հեղինակութիւն, զոր վաստկած էր պայքարի եւ տառապանքի տարիներուն ցուցաբերած հաստատակամութեամբ եւ անզիջող տոկունութեամբ, Մանտելա ողջ մարդկութեան ապացուցեց, որ առաջին հերթին անհրաժեշտ է ըլլալ ծառայ եւ ապա առաջնորդ։ Մանաւանդ՝ իրաւ մարդ, որ կը ծառայէ դրսեւորելով ճշմարիտ, կարողունակ ղեկավարի առանձնայատկութիւններ եւ ձեռնհասօրէն կը ղեկավարէ որպէս ծառայի, միշտ առաջադրելով իր ժողովուրդի երջանկութիւնը, բարգաւաճումն ու զարգացումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2019, 08:49