Նախագահ Արմէն Սարգսեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան 

«Բոլորս հաւասար ենք սահմանադրութեան առջեւ»․ Արմէն Սարգսեան

Կը շնորհաւորեմ բոլորս պետական կարեւորագոյն տօնի` Սահմանադրութեան օրուան առթիւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է սահմանադրութեան եւ պետական խորհրդանիշներու օրուան առիթով։

Ան մասնաւորապէս կ՛ըսէ.

«Սիրելի′ հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ բոլորս պետական կարեւորագոյն տօնի` Սահմանադրութեան օրուան առթիւ: Այսօր մենք կը նշենք նաեւ պետական խորհրդանիշերու օրը: Սահմանադրութիւնը, պետական դրօշի, զինանշանի եւ օրհներգի հետ միասին, կ՛ամբողջացնէ պետականութեան էութիւնը:

Սահմանադրութիւնը Հանրապետութեան Մայր օրէնքն է, մեզմէ իւրաքանչիւրի իրաւունքներուն ու ազատութիւններուն պաշտպանութեան գլխաւոր իրաւական երաշխիքը: Սահմանադրական մշակոյթի ամրապնդումը ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ ընկերային պետութեան համակարգի ձեւաւորման, կայացման ու զարգացման կարեւորագոյն նախապայմանն է:

Նոյն Սահմանադրութեան 1-ին յօդուածով որոշուած է պետութեան մեր տեսլականը` հռչակելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս ժողովրդավարական, իրաւական եւ ընկերային պետութիւն: Այս անփոփոխելի դրոյթը իրականութեան մէջ զուտ հռչակագրային բնոյթ չունի: Ան ամրագրուած է որպէս կարեւորագոյն սկզբունք, արժէք, նպատակ, իրաւական եւ հասարակական իտէալական չափանիշ, որուն շարունակական կատարելագործման միջոցով, առօրեայ աշխատանքով եւ վարքագիծով պէտք է միշտ ձգտին ինչպէս պետական մարմինները, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի:

Բոլորս հաւասար ենք Սահմանադրութեան առջեւ: Բոլորս պետականութեան կրողն ենք, անոր մասնիկը, ուրեմն նաեւ` Սահմանադրութեան պահապանները մեր գործողութիւններով, վարքով եւ մեր մտածելակերպով:

Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այսօրուան տօնին առթիւ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն եւ լաւատեսութիւն»:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2019, 13:24