Նոթր Տամ եկեղեցին Նոթր Տամ եկեղեցին 

Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի վերակառուցման համար շուրջ 270 միլիոն եւրօ հաւաքուած է:

15 ապրիլին բռնկած հրդեհէն ետք ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարած էին դրամահաւաք, որուն գործով զբաղած են չորս կազմակերպութիւններ:

Փարիզի մէջ ապրիլ 2019-ի մեծ հրդեհէն վնասուած Նոթր Տամ տաճարի վերակառուցման համար ֆրանսական չորս հիմնադրամներու կողմէ շուրջ 270 միլիոն եւրոյի նուիրատուութիւն հաւաքուած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ դրամահաւաքին մասնակցած են հազարաւոր նուիրատուներ` աւելի քան 150 երկիրներէ:

15 ապրիլին բռնկած հրդեհէն ետք ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարած էին դրամահաւաք, որուն գործով զբաղած են չորս կազմակերպութիւններ:

«Ժառանգութեան հիմնադրամ» կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լորանս Լեւիի համաձայն, ընդհանուր առմամբ նուիրատուութիւն ստացուած է շուրջ 230 հազար նուիրատուներէ, ֆրանսական «Թոթալ» վառելանիւթի ընկերութիւնը յատկացուցած է 100 միլիոն եւրօ, 54 միլիոն եւրօ յատկացուած է անհատներու կողմէ, իսկ մնացեալ մասը այլ կազմակերպութիւններու նուիրատուութիւններ են:

Մեծ բարերարներէն Պեռնար Առնոյի ընտանիքն ու անոր «Լուի Վիթոն Մոյէ Էննեսի» ընկերութիւններու խումբը եւ գործարար Ֆրանսուա Անրի Փինոն, որոնք տաճարի վերակառուցման համար խոստացած էին համապատասխանաբար 200 եւ 100 միլիոն եւրօ յատկացնել, մինչեւ այժմ միայն 10-ական միլիոն եւրօ նուիրած են: Կը նշուի, որ մեծ կազմակերպութիւնները սովորաբար խոստացուած ամբողջ գումարը մէկ անգամէն չեն փոխանցեր, այլ մաս առ մաս` ըստ անհրաժեշտութեան:

Յիշեցնենք, որ 15 ապրիլ 2019-ին Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ ծագած էր մեծ հրդեհ մը, որուն պատճառով տաճարը մեծապէս վնասուած էր, սակայն կարելի եղած էր հիմնական շինութիւնը փրկել: Հրդեհին պատճառը, ըստ երեւոյթին, տաճարին մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքը եղած է:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած էր տաճարը 5 տարուան ընթացքին վերակառուցելու մասին, սակայն բազմաթիւ փորձագէտներ կ՛ըսեն, որ վերակառուցման աշխատանքները 10-15 տարի պիտի տեւեն:

Քաղուած Ազդակէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2019, 11:04