Որոնել

Սուրբ Գիրք Սուրբ Գիրք 

«Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին մէջ» հատորին ներկայացում Ալթատինայի մէջ

«Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» գիրքը կը նկատուի այժմէական եւ գիտելիքներով հարուստ աշխատասիրութիւն մը:

ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին, Կիրակի, 14  Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հանրային հանդիպում մը՝ «Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» նոր հրատարակուած հատորին հեղինակ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի հետ:

Հատորը պիտի ներկայացուի Գէորգ Քէօշկէրեանի կողմէ:

«Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» գիրքը կը նկատուի այժմէական եւ գիտելիքներով հարուստ աշխատասիրութիւն մը: Սկսելով Ծննդոցէն՝ հատորը մանրամասնօրէն ցոյց կու տայ հայուն եւ Հայաստանի մասին նշումները Աստուածաշունչին մէջ:

Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Իր երկրորդական ուսումը ստացած է Զմմառու վանքին մէջ, ապա Հռոմի մէջ շարունակած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանական դասընթացքները: Ան հեղինակ է բազմաթիւ եւ բազմալեզու գիրքերու, ինչպէս նաեւ հրատարակութեան համար ունի պատրաստ աշխատասիրութիւններ: Դոկտ. Ահմարանեան եղած է Հայաստանի Գիտութիւնների Ազգային ակադեմիոյ եւ Ս. Էջմիածինի ԳԷորգեան համալսարանի դասախօս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2019, 09:30