Ղրիմի Սուրբ Նիկողայոս  եկեղեցին Ղրիմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին 

Ղրիմի սուրբ Նիկողայոս վանքը վերադարձուեցաւ Հայ համայնքին

Եւպատորիոյ հին հայկական Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին քաղաքի տեսարժան վայրերէն մէկն է:

Հայրենական մեծ պատերազմի աւարտէն ետք, Եւպատորիոյ (Ղրիմ) հայկական եկեղեցին գործածուած է իբրեւ պահեստ, այնուհետեւ հոն բացուած է տուն-պատսպարան ծերերու եւ հաշմանդամներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը։

Ներկայիս, տասնամեակներ ետք, Ղրիմի Ազգամիջեան յարաբերութիւններու եւ արտաքսուած քաղաքացիներու հարցերու պետական յանձնախումբը որոշած է հայկական վանքն ու ծխական դպրոցը առանց պայմանաժամի եւ անհատոյց վերադարձնել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի կրօնական կազմակերպութեան, այլ խօսքով՝ տեղւոյն հայկական համայնքին:

Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի կազմակերպութեան ղեկավարի տեղակալ Անահիտ Իսրայէլեան այս առթիւ յայտարարեց, թէ իշխանութիւնները իրենց այս որոշումով վերականգնեցին պատմական արդարութիւնը:

Եւպատորիոյ հին հայկական Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին քաղաքի տեսարժան վայրերէն մէկն է: Անիկա կառուցուած է առաջին՝ փայտէ վանքին տեղը, որ հրդեհի մը զոհ դարձած էր 1704-ին: Նոր եկեղեցւոյ հիմնաքարը դրուած է 1817-ին հայկական սփիւռքին կողմէ, սակայն գումարը սկիզբը չբաւելով՝ շինարարութիւնը ձգձգուած է եւ աւարտած՝ 1830-ին:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2019, 12:50