Սպիտակի երկրաշարժի վնասները Սպիտակի երկրաշարժի վնասները 

Երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք անօթեւան մնացած 60 ընտանիքներ բնակարան պիտի ստանան:

Վարչապետին յանձնարարականով, որպէսզի մինչեւ 2020 մնացած 453 ընտանիքները ապահովուին բնակարանով, այդ տարի պէտք է յատկացուի 3 միլիառ դրամ:

Հայաստան կը նախատեսէ 2021-ը դիմաւորել առանց «Աղէտի գօտու շահառու» հասկացութեան: Հայաստանի քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեան, ամփոփելով պաշտօնավարութեան 100 օրերը՝ նշեց, որ կառավարութեան որոշումին համաձայն, 2008-2020 պէտք էր 5396 ընտանիքներ տեղաւորել բնակարաններու մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«2008-2017 թթ. ապահովուած է 4839 ընտանիք, եւ պետական պիւտճէէն անոր համար ծախսուած է մօտ 65 միլիառ դրամ: 2018 թուականին պիւտճէէն յատկացուած է 460 միլիոն դրամ, եւ ապահովուած է բնակարանով 44 ընտանիք: 2019 թուականի պիւտճէով նախատեսուած է 560 միլիոն դրամ եւ 60 ընտանիք»,- յայտնեց Վերմիշեան:

Ըստ անոր՝ վարչապետին յանձնարարականով, որպէսզի մինչեւ 2020 մնացած 453 ընտանիքները ապահովուին բնակարանով, այդ տարի պէտք է յատկացուի 3 միլիառ դրամ:

Վերմիշեան դիտել տուաւ, որ տնակներու մէջ ապրող բոլոր անձերը կամ ընտանիքները շահառու չեն նկատուիր, որովհետեւ անոնց մէջ կան նաեւ անշարժ գոյք ունեցողներ: Ըստ անոր՝ տնակները քաղաքաշինական խնդիր կը յառաջացնեն, կը գրաւեն հանրային տարածքներ:

Քաղուած Եռագոյն կայքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2019, 09:30