Ստեփանակերտը կը պատրաստուի համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն Ստեփանակերտը կը պատրաստուի համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն 

Ստեփանակերտը կը պատրաստուի համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն

Օգոստոս 6-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի տեղի պիտի ունենայ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ կ՛ընթանան Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական փորձերը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ըսած է, որ փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 25, իսկ Յուլիս 27-էն պիտի ըլլան գլխաւոր փորձերը, որոնք պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 5:

Օգոստոս 6-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի տեղի պիտի ունենայ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Փորձերը կ՛ընթանան լաւ: Բացման արարողութիւնը պիտի ըլլայ չափազանց գեղեցիկ, կան հետաքրքրական անակնկալներ: Մեծ տեսարաններու մէջ ընգրկուած են շուրջ 1500 մասնակից` պարողներ, դերասաններ, կամաւորներ, որոնց հետ խաղերու գլխաւոր բոմադրիչը այժմ փորձեր կը կատարէ»,- աւելցուցած է Զաքարեան:

Խօսելով մարզադաշտի մասին` ան ըսած է, որ մարզադաշտը փոքր է:

Ըստ անոր` այժմ համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի ներկայացուցիչները ունին 4-5 հազար հրաւիրատոմսի պատուէր: Կը փորձենք մարզադաշտը այնպէս օգտագործել, որ բացման արարողութեան կարենայ մասնակցիլ 7-8 հազար հանդիսատես: Խաղերու բացման արարողութեան ընդգրկուած պիտի ըլլայ 7-8 հազար մարդ` շքերթի, ստեղծագործական խումբի եւ այլ մասնակիցներ:

«Խնդիրը կը նախատեսենք լուծել տեղադրելով երկու մեծ պաստառ, որոնցմով ուղիղ հեռարձակում պիտի ըլլայ: Անոնք պիտի կը տեղադրուին Վերածնունդի հրապարակի աջ եւ ձախ կողմերը: Այն մարդիկ որոնք հնարաւորութիւն չեն ունենար մտնելու մարզադաշտ, գոնէ հրապարակէն կրնան հետեւիլ բացման արարողութեան: Մարզադաշտի մուտքը ազատ պիտի ըլլայ»,- մասնաւորապէս ըսած է ան:

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու գլխաւոր մրցավար Դերենիկ Գաբրիէլեանի խօսքով` խաղերուն մեկնարկը պիտի տրուի Արցախէն, յետոյ ան պիտի շարունակուի Հայաստանի մէջ:

«Ֆութպոլային խաղերը տեղի պիտի ունենան Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի նորակոռոյց մարզադաշտերուն մէջ, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակակից չափանիշներուն: Պէտք է նշեմ, որ ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ կան մարզադահլիճներու պակաս: Եթե մենք կ՛ուզենք համահայկական խաղերը զարգացնել, պէտք է մտածել նոր մարզադաշտեր ստեղծելու մասին: Ստեղծուած են կառավարական յանձնաժողովներ, որոնք կը զբաղին այդ հարցերով: Համահայկական խաղերուն արդեն արձանագրուած են 350-էն աւելի մրցավարներ, որոնցմէ 150-ը պիտի մասնակցի շքերթին»,- մասնաւորապէս ըսած է Գաբրիէլեան:

Քաղուած Եռագոյնէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2019, 11:55