Որոնել

Այժմեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայկական եկեղեցին Այժմեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայկական եկեղեցին 

Այժմեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայկական եկեղեցին թանգարանի պիտի վերածուի:

Գիւրունի քաղաքապետ Նամի Չիֆթչին յայտարարած է, որ վերանորոգման աշխատանքներուն աւարտէն ետք՝ հայկական եկեղեցին պիտի բացուի իբրեւ թանգարան

Այժմեան Թուրքիոյ Սվազ նահանգի Գիւրուն բնակավայրին մէջ (պատմ.՝ Սեբաստիա, Կիւրինի գաւառակ) գտնուող հայկական եկեղեցին վերանորոգումէն ետք պիտի գործէ իբրեւ թանգարան։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Գիւրունի շրջանի կեդրոնը գտնուող եւ 19-րդ դարու կառոյց հանդիսացող հայկական եկեղեցին յայտնուած էր ամբողջովին քանդուելու վտանգին առջեւ։

Վերանորոգման համար նախապէս յայտնուած էր, որ 3 միլիոն 684 հազար թրքական լիրա պիտի յատկացուի եւ պիտի սկսին վերանորոգման աշխատանքները։

Գիւրունի քաղաքապետ Նամի Չիֆթչին յայտարարած է, որ վերանորոգման աշխատանքներուն աւարտէն ետք՝ հայկական եկեղեցին պիտի բացուի իբրեւ թանգարան եւ պիտի ծառայէ զբօսաշրջութեան զարգացման՝ այդ տարածքին մէջ։

Նշենք, որ Կիւրին բնակավայրը 20-րդ դարու սկիզբը ունեցած է ընդհանուր առմամբ 3000 տուն բնակիչ, որոն 1550-ը՝ հայեր: Հայերը այստեղ զբաղած են առեւտուրով, երկրագործութեամբ եւ արհեստներով: Բնակավայրին մէջ եղած մէկ քարաշէն հայկական եկեղեցի եւ մէկ դպրոց: 1915-ին Կիւրինի հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է ցեղասպանութեան՝ տարագրուած է եւ բնաջնջուած:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2019, 11:01