Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ֆարիտ Խազեն դեսպանը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ֆարիտ Խազեն դեսպանը 

Վատիկանի Մէջ . «Վատիկանի Հետ Յարաբերութիւնները Մտերմիկ Են» շեշտեց Խազեն

Լիբանանի եւ Հռոմի միջեւ յարաբերութիւնները 12-րդ դարէն սկսած են եւ ամրապնդուած:

Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն երէկ հաստատեց, որ Վատիկանի հետ յարաբերութիւնները անկասկած մտերմիկ են` աւելցնելով, որ Վատիկան եւ Լիբանան յանձնառու կը մնան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին, որպէսզի անոնք մնան հեզասահ:

Խազեն նշեց, որ Վատիկան կ՛ընդգծէ Լիբանանի հետ պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ Պատգամի երկիր ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը, որ 30 տարի առաջ այդպէս կոչուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ:

Խազեն շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Հռոմի միջեւ յարաբերութիւնները 12-րդ դարէն սկսած են եւ ամրապնդուած: Ան նշեց, որ այդ օրերէն ի վեր Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եղած են հեզասահ, բացի մէկ միջադէպէ, երբ Վատիկան մերժած է, որ Ճոնի Իպրահիմ դառնայ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանը:

«Այդ հարցը լուծուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ, երբ ան Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան նշանակած է նախկին երեսփոխան Ֆարիտ Էլիաս Խազէնը», նշուեցաւ Վատիկանի կողմէ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2019, 12:41