Հալէպի Հայ Ծերանոցին մէջ Հալէպի Հայ Ծերանոցին մէջ 

Հալէպի Հայ ծերանոցի աւանդական ճաշկերոյթ՝ Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին առիթով:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայ երեք Համայնքապետները:

Հովանաւորութեամբ Հայ երեք Համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Հայ Ծերանոցի մեծ ընտանիքին, Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 1։00-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին առիթով աւանդական ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ:

Ըստ «Գանձասար»ի՝ ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայ երեք Համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, հալէպահայ ազգային, եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական, հայրենասիրական եւ մարզական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Օրուան բեմավարն էր Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան։

Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան խօսքը արտասանեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան:

Հայ Ծերանոցի տնօրէն Տիար Աւօ Գաթրճեան ներկայացուց անցնող մէկ տարուան Հայ Ծերանոցի գործունէութեան համառօտ տեղեկագիրը:

Ճաշկերոյթի ընթացքին զանազան երգերով հանդէս եկաւ հալէպահայ սիրուած երգիչ Կարօ Պէրէճիքլեան, իսկ ասմունքով՝ Թամար Աղայեան։

Խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան,որ իր պատգամը եւ սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։

Այս առիթով Հայ Ծերանոցին նուիրատուութիւններ կատարուեցան։

Քաղուած  Եռագոյն կայքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2019, 11:27