«Ամէն մի մանուկ  կեանք  է» «Ամէն մի մանուկ կեանք է» 

«Ամէն մի մանուկ կեանք է» որ կը կարօտի հաւասար խնամքի։

Շատ մը երկիրներու մէջ մանուկներու ու մայրերու համար առողջապահութեան ծախսերը կը մնան անթոյլատրելի։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աշխարհի մէջ ամէն 24 ժամ 800 կիներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն, յղիութեան հետ կաղուած  բարդութիւններու հետեւանքով» այս մէկը փաստագրուած է ՝ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամ ՅՈՒՆԻՍԷՖ –ի հրապարակած նոր զեկուցումին մէջ, ի նպաստ «Ամէն մի մանուկ կեանք  է» քարոզարշաւին, որուն նպատակն է ջանալ նուազեցնել հարուստ ու աղքատ երկիրներու միջեւ անհաւասարութիւնները, յատկապէս մայրերու ու նորածիններուն մատուցուած բժշկական խնամքի ծառայութեան ասպարէզէն ներս։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ  շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս է պարագան Ափրիկեան, Ասիական ու Լատին Ամերիկեան երկիրներուն, մանուկներու ու մայրերու համար առողջապահութեան ծախսերը կը մնան անթոյլատրելի, ուր անոնք ստիպուած են իրենց ընտանեկան պիւտճէին 40 առ հարիւրը տրամադրել այդ ծախսերուն։  Այս մէկը շատ մը աղքատ կիներ կը մղէ հրաժարելու յղիութեան ու ծննդաբերութեան նախնական խնամքներէն, որոնց հետեւանքները սպառնալիք են անոնց ու իրենց զաւակներու կեանքին։

ՅՈՒՆԻՍԷՖ-ի զեկոյցին մէջ ի յայտ կը դրուի նաեւ վաղ ամուսնութիւններու ու մանուկ աղջիկներու  յղիութեան հարցը ինչպէս նաեւ աղքատ երկիրներու մէջ առողջապահական անձնակազմի պակասը։

ՄԱԿ-ի մանուկներու հիմնադրամը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր Պետութիւններուն ու առողջապահական հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններուն, համայն աշխարհին մէջ պաշտպանելու առաւել անապահով մայրերն ու նորածինները։

ՅՈՒՆԻՍԷՖը կը խնդրէ ներդրումներ կատարել առողջապահական համակարգէն ներս, կազմաւորելով բաւական թիւով բժիշկներ, բուժքոյրեր եւ մանկաբարձներ, ինչպէս նաեւ ապահովելով առողջապահական մաքուր կեդրոններ, որոնք մատչելի ըլլան բոլոր մայրերուն ու նորածիններուն, անոնց հնարաւորութիւն ընծայելով պահանջել եւ ընդունիլ  որակեալ ծառայութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2019, 08:30