Երեսուն տարի ետք, երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնայ 2 միլիառով Երեսուն տարի ետք, երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնայ 2 միլիառով 

ՄԱԿ Հրապարակած է երկրագունդի բնակչութեան թիւի նախատեսումները

Ըստ նախատեսութիւններու, 2027-ին Հնդկաստանը յառաջ պիտի անցնի Չինաստանէն` իբրեւ ամէնէն խիտ բնակեցուած երկիրը:

Երեսուն տարի ետք, երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնայ 2 միլիառով` դառնալով 9,7 միլիառ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի զեկուցումին մէջ:

Կը նշուի, թէ Հնդկաստանը բնակչութեան թիւով շատ շուտով յառաջ պիտի անցնի Չինաստանէն: Կը նշուի նաեւ, որ բնակչութիւնը կը ծերանայ կեանքի տեւողութեան յաւելման եւ ծնելիութեան նուազման պատճառով, կը մեծնայ այն երկիրներու թիւը, ուր բնակչութեան թիւը հետզհետէ կը նուազի:

Թէեւ երկրագունդի բնակչութիւնը կ՛աճի, սակայն տարբեր երկիրներու մէջ բնակչութեան թիւի աճը խիստ տարբեր է: 9 երկիրներու բնակչութիւնը պիտի կազմէ ամբողջ երկրագունդի բնակչութեան կէսը: Այդ երկիրներն են Հնդկաստանը, Նիկերիան, Փաքիստանը, Քոնկոյի Հանրապետութիւնը, Եթովպիան, Թանզանիան, Ինտոնեզիան, Եգիպտոսն ու Միացեալ Նահանգները:

Ըստ նախատեսութիւններու, 2027-ին Հնդկաստանը յառաջ պիտի անցնի Չինաստանէն` իբրեւ ամէնէն խիտ բնակեցուած երկիրը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2019, 08:15