Ներկայ եղած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Ներկայ եղած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: 

Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը պէտք է ըլլայ կասկածներէ, ենթադրութիւններէ, շահարկումներէ վեր կառոյց։

Նախագահ Սարգսեան շեշտելով հիմնադրամի ապագայի գործունէութեան կարեւորութիւնը ըսած է. «Ժամանակն է, որ անիկա դառնայ 21-րդ դարու ազգային հաստատութիւն»

Երէկ տեղի ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 28-րդ միացեալ նիստը, որ վարած է խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Ներկայ եղած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ մինչեւ օրակարգի հարցերու քննարկման անցնիլը, հանրապետութեան նախագահին առաջարկով ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգած են հոգաբարձուներու խորհուրդի նախկին անդամ, անցեալ տարի կեանքէն հեռացած Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը:

Հանդէս գալով բացման խօսքով` նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսած է. «Աւելի քան 25 տարի է, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կ՛իրականացնէ իր համազգային առաքելութիւնը` իբրեւ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը միաւորող բացառիկ կառոյց: Անիկա Արցախի զարգացման կարեւորագոյն նուիրատուն է այսօր եւ այդպէս ալ պէտք է մնայ ապագային»` աւելցնելով, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պէտք է ըլլայ կասկածներէ, ենթադրութիւններէ եւ  շահարկումներէ վեր կառոյց` «Հայաստան, Արցախ, սփիւռք» եւ «հայութիւն» նպատակակէտերով:

Նախագահ Սարգսեան իր ելոյթին ընթացքին շեշտելով հիմնադրամի ապագայի գործունէութեան կարեւորութիւնը ըսած է. «Ժամանակն է, որ անիկա դառնայ 21-րդ դարու ազգային հաստատութիւն»

Քաղուած «Ազդակ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2019, 08:18