Աղքատները թիւ չեն,  անհատներ են - Ֆրանչիսկոս Պապը աղքատներու հետ Աղքատները թիւ չեն, անհատներ են - Ֆրանչիսկոս Պապը աղքատներու հետ 

«Աղքատներու յոյսը երբեք պիտի չի կորսուի». Աղքատներու միջազգային օրուան պատգամը։

Աղքատները թիւեր չեն, անհատներ են, որոնք կարիքը ունին մեր սիրոյ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 13 յունիս 2019-ին, աղքատներու պաշտպան սուրբ՝ Փատովացի Սուրբ Անտոնի ծիսական  տօնին օրը, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, Նոր Աւետարանութեան խթանումին քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ գերապայծառ Ֆիզիքելլա եւ խորհուրդի ենթաքարտուղար գերապայծառ Կրահամ Պել՝  ներկայացուցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Աղքատներու համաշխարհային օրուայ պատգամը՝ որուն բանաբնն է «Աղքատներու յոյսը երբեք պիտի չի կորսուի» (Սաղմոս 9)։

Նշենք թէ Օրը որ հաստատուած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ պիտի յիշատակուի 17 նոյեմբեր 2019-ին։

Ունկնդրէ լուրը

«Աղքատներու յոյսը երբեք պիտի չի կորսուի» (Սաղմոս 9)։

«Աղքատներու յոյսը երբեք պիտի չի կորսուի» Սաղմոսերգուի սոյն խօսքերէն ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ  «Սաղմոսերգուն կը նկարագրէ աղքատներուն իրավիճակը ու անոնց վրայ ճնշողներուն ամբարտաւանութիւնը։ Հուսկ կը դէմէ Աստուծոյ դատաստանին՝ որպէսզի Ան վերադարձնէ  արդարութիւնը ու վերացնէ անհաւասարութիւնը»։

Քահանայապետը կը բացատրէ թէ վերոնշեալ սաղմոսը  որ յօրինուած է այլ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին կը մնայ այժմէական, ի տես «քիչերու ձեռքերուն մէջ կուտակուած հարստութեան ու շատերու աղքատութեան», որ «տեսանելի է նաեւ մեր քաղաքներու պողոտաներու եւ անկիւններու վրայ» կը գրէ Սրբազան Պապը։

Հարուստներու եւ աղքատներու պայմանները  եւ ստրկութեան նոր ձեւեր

«Դարերը կ՛անցնին բայց հարուստներու եւ աղքատներու պայմանները կը մնան անփոփոխ, կարծես թէ պատմութեան փորձառութիւնը ոչ մէկ բան սորվեցուցած ըլլար» կը հաստատէ ապա Քահանայապետը ակնարկելով ժամանակակից ստրկութեան բազմազան ձեւերուն, մեկնելով ընտանիքներէն՝ որոնք ստիպուած են թողուլ իրենց քաղաքները այլուր գտնելու ապրուստի կարելիութիւնը, Որբերը՝ որոնք կորսնցուցին իրենց ծնողքը, կամ բռնի կերպով բաժանուեցան անոնցմէ, Երիտասարդները՝ որոնց կը ժխտուի աշխատանքի կարելիութիւնը, ապա բռնութեան տարբեր ձեւեր, պոռնկութեան ու թմրամոլութեան հարցը։

Ի՞նչպէս մոռնալ միլիոնաւոր գաղթականները, որոնք թիրախ են թաքնուած շահերու, կամ օգտագործուած քաղաքական շահերու համար, որոնց յաճախ ժխտուած է զօրակցութիւնը։ Եւ Ի՞նչ ըսել բոլոր անտուններուն ու բացառուածներուն մասին, որոնք կը թափառին մեր քաղաքներու ճամբաներուն վրայ եւ որոնցմէ շատեր  աղբավայրերու մէջ կը ջանան  մնացորդացի պտուղները քաղել, հագուելու եւ ուտելու յոյսով, ու յաճախ իրենք եւս կը դառնան մարդկային աղբավայրի մաս, որովհետեւ ընկերութեան  մակաբոյծներ նկատուած են, որոնց չի ներուիր ոչ իսկ անոնց աղքատութիւնը։

Աղքատները զուրկ ամէն բանէ

«Աղքատներուն թոյլ չէ տրուած  թշուառութեան ներքնուղիին ծայրը տեսնել, ու հասած ենք այն եզրին՝ իրականացնելու տեսաբանութիւն մը, որ զանոնք անհետացնէ մեր ճամբաներէն ու հիւրընկալութեան վայրերէն։ Անոնք չունին ապահովութիւն, չունին ապրելու մարդկային պայմաններ, որոնք զիրենք հաւասար նկատէ ուրիշներուն։ Անոնք կարողութիւնը չունին ոչ իսկ հիւանդնալու» կը գրէ Սրբազան Հայրը։

Սաղմոսերգուն կը նկարագրէ ապա հարուստներու վերաբերմունքը «Դարանակալ կը սպասէ աղքատին կը հրապուրէ զինք եւ կը ձգէ իր թակարդին մէջ» (Սաղմոս 10, 9)։ Այսպէսով կարծես աղքատները կը դառնան թափանցիկ ու անոնց ձայնը կը կորսնցնէ իր ուժն ու դիրքը ընկերութեան մէջ։

Աղքատներուն յոյսը

Սաղմոսերգուն սակայն աղքատը կը ներկայացնէ գեղեցիկ մէկ պատկերով. «Ան այն անձն է որ կ՛ապաւինի Տիրոջ», որովհետեւ վստահութիւն ունի թէ երբեք լքուած պիտի չի մնայ։ Աղքատը սուրբ գիրգին մէջ վստահութեան մարդն է, որովհետեւ ան կը ճանչնայ իր Տէրը։ Այս մէկը կը բացայայտէ Աստուծոյ մեծվայելչութիւնը՝ երբ կը գտնուի աղքատի մը դիմաց։ Անոր արարչական ուժը կը գերազանէ մարդկային որեւէ սպասում։ Աղքատը լաւապէս գիտէ որ Աստուած չի կրնար զինք լքել։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ Աստուծոյ աղքատներուն նկատմամբ ներգործութիւնը նկարագրուած են սոյն բառերով «Մտիկ կ՛ընէ. Կը միջամտէ. Կը պաշտպանէ. Կ՛ազատէ. Կը փրկէ…. Աստուած այն անձն է որ արդարութիւն կը հաստատէ»։

«Կարելի է կառուցել բազմաթիւ պատէր ու փակել բազմաթիւ մուտքեր  մենք մեզ ապահովութեան մէջ զգալու խաբկանքով։ Օր մը սակայն Տէրը պիտի կործանէ բոլոր պատնէշները ու քիչերու ամբարտաւանութիւնը պիտի փոխարինէ շատերու զօրակցութեամբ։ Աղքատներուն ճիչն ու բացառումը չի կրնար տեւել առ յաւէտ» կը գրէ միշտ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «Աստուծոյ Խօսքը կը մատնանշէ որ աղքատները անոնք են որոնք ապրելու անհրաժեշտ կենսամիջոցներէ զուրկ են ու կախեալ են ուրիշներէ։

Աղքատը՝ հարստահարուածն է, հեզն է, ու Յիսուս եւս ինքզինք անոնց հետ կը նոյնացնէ «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի այս փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն ձեր ըրածը՝ ինծի ըրած կ՛ըլլաք. (Մատթ 25, 40)։

«Աստուածը զոր Յիսուս ուզեց մեզի յայտնել առատաձեռն ու ողորմած Աստուած մըն է, անհուն բարութեամբ եւ շնորհքներով, որ յոյս կը ներշնչէ յատկապէս անոնց որոնք յուսալքուած են ու զուրկ են ապագայէ» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ մատնանշելով նաեւ Երանութիւններուն ու անոնցմէ առաջինին՝ «Երանելի աղքատներուն» որովհետեւ անոնցն է երկնքի արքայութիւնը։

Յոյս  ու վստահութիւն ներշնչել նման Ժան Վանիէին

«Յիսուս սկիզբ տուաւ իր թագաւորութեան, աղքատները զետեղելով այդ արքայութեան սրտին մէջ, սակայն մեզի յանձնեց պարտականութիւնը պատասխանատուութեամբ յառաջ տանելու զայն, ուստի անհրաժեշտ է վերակենդանացնել յոյսը ու վերադարձնել վստահութիւնը»։

«Այս մէկը ծրագիր մըն է զոր քրիստոնեայ հասարակութիւնը չի կրնար թերագնահատել: Անորմէ կախեալ է քրիստոնեաներու վկայութեան ու հռչակման հաւաստիութիւնը» նշեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով այս ուղղութեամբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ի նպաստ աղքատներուն, որոնց մէջ մարմնացած է նոյնինքն Յիսուսը։ Աղքատներու ընկերային խթանումը արդարեւ  Աւետարանէն դուրս հռչակում մը չէ, այլ կը բացայայտէ քրիստոնեայ հաւատքի իրապաշտութիւնը ու անոր պատմական վաւերականութիւնը։

«Սէրը որ կեանք կու տայ Յիսուսի մէջ հաւատքին, թոյլ չի տար Յիսուսի աշակերտներուն փակուիլ իրենց անհատականութեան շնչահեղձութեան մէջ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, ակնարկելով վերջերս իր մահկանացուն կնքած Ժան Վանիէին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ի ծառայութիւն բացառուած անձերուն ու անկարներուն։ Ժան Վանիէն եղաւ «դրացի սուրբը» եւ իր խանդավառութեամբ կարողացաւ իր շուրջ հաւաքել երիտասարդներ, մարդիկ ու կիներ, որոնք առօրեայ յանձնառումով՝ սէր նուիրեցին ու ժպիտներ փոխանցեցին, տկար եւ դիւրաբեկ անձերուն։ Անոր վկայութիւնը փոխեց շատերուն կեանքը ու աշխարհը օգնեց այլ աչքերով դիտելու դիւրաբեկ մարդիկը։

Քրիստոնեաներուն առաքելութիւնը

Վերջիններուն ընտրանքը՝ Քրիստոսի աշակերտներուն համար առաջնահերթ է,  անոնք կանչուած են չի խեղաթիւրելու Եկեղեցւոյ հաւատալիութիւնը ու յոյս նուիրելու բազմաթիւ անպաշտպաններուն։ Քրիստոնեաներուն յանձնառումը Աղքատներու համաշխարհային օրուան առթիւ, կը կայանայ նախ եւ առաջ առօրեայի կեանքին մէջ, փնտռելով աղքատներուն բարիքը։

«Դիւրին չէ այսօրուայ մսխումի ու մնացորդացի մշակոյթի  բնագաւառէն ներս ըլլալ քրիստոնէական յոյսին վկաները։ Յոյսը կը հաղորդուի մխիթարանքի միջոցաւ ու կ՛իրականանայ առաջնորդելով աղքատները ոչ թէ հակիրճ ժամանակի համար այլ ժամանակի ընթացքին տեւող յանձնառումով»նշեց Սրբազան Պապը, հուսկ խօսքը ուղղեց բազմաթիւ կամաւորներուն, քաջալերելով զանոնք ամէն մէկ աղքատին մէջ նկատելու անոր իսկական կարիքները, կանգ չառնելու  անոնց առաջին խնդրանքին դիմաց,  այլ բացայայտելու անոնց սրտին մէջ թաքնուած բարութիւնը, ի նպաստ եղբայրական իսկական երկխօսութեան մը կարելիութեան։

«Մէկդի դնենք քաղաքական ու գաղափարախօսական տեսութիւններէ յառաջացած բաժանումները, ու մեր աչքերը սեւեռենք էականին վրայ, որ՝ խօսքերու  կարիքը չունի, այլ կարիքն ունի սիրոյ հայեացքի մը ու երկարող ձեռքի մը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «աղքատները նախ եւ առաջ կարիքը ունին Աստուծոյ՝ Անոր սիրոյն որ տեսանելի կը դառնայ բազմաթիւ սուրբ անձերու միջոցաւ»։ Աստուած կ՛օգտագործէ բազմաթիւ ճանապարհներ ու անվերջ գործիքներ՝ մարդոց սրտերուն մէջ ներթափանցեցնելու համար։ 

«Աղքատները կարիքը ունին մեր ձեռքերուն՝ վերականգնելու համար, մեր սրտին՝ ջերմութիւն զգալու համար. Մեր ներկայութեան՝ յաղթահարելու համար առձայնութիւնը։ Անոնք պարզապէս կարիքն ունին սիրոյ»։

Աղքատները թիւեր չեն

Շատ անգամ քիչ բան բաւարար է յոյս ներշնչելու համար. Բաւ է կանգ առնել, ժպտալ, ունկնդրել։ Աղքատները թիւեր չեն, անոնք անհատներ են, անոնք մեզ կը փրկեն, որովհետեւ թոյլ կու տան հանդիպելու Յիսուսի դիմագիծին ՝ թէեւ աշխարհին համար տրամաբանական չէ այս մէկը։ Մարդկային աչքերով կարելի չէ տեսնել փրկարար այդ ուժը՝ այդ կարելի է միայն  հաւատքի աչքերով։

Աստուած չի լքեր անոնք որոնք զինք կը փնտռեն, ան չի մոռնար աղքատներուն ճիչը։ Աղքատին աղքատութեան պայմանը անորմէ չի խլել արժանապատուութիւնը զոր ընդունած է Արարիչէն։ Անոր յոյսը կը զօրանայ այն վստահութեան վրայ թէ պիտի ընկալուի Տիրոջմէն ու Անոր մէջ պիտի գտնէ իսկական արդարութիւնը։

Կոչ քրիստոնեաներուն

Բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններէն ու բոլոր անոնցմէ որոնք կարիքը կը զգան յոյս եւ սփոփանք տանելու աղքատներուն կը խնդրեմ յանձնառում՝ որպէսզի այս համաշխարհային օրը բոլորին մէջ հզօրացնէ համագործակցութեան կամքը՝  այնպէս ընելու որ ոչ մէկը ինքզինք զգայ զուրկ մօտիկութենէ ու զօրակցութենէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2019, 11:30