Որոնել

ՄԱԿ-ի գխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես ՄԱԿ-ի գխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես  

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կոչ կ՛ուղղԷ ոչ մէկ վայրկեան կորցնելու կլիմայական ճգնաժամը լուծելու աշխատանքին

«Համաշխարհային կլիմայական ճգնաժամը հարցականի տակ կը դնէ մեր բուն գոյութիւնը եւ հաւասար չափով կը վերաբերի ինչպէս անվտանգութեան հարցերուն, այնպէս ալ զարգացման հարցերուն:»

«Կլիմայի հետ կապուած խնդիրները անյապաղ լուծում կը պահանջեն», ըսուած Է այն ուղերձին մէջ, որ ՄԱԿ-ի գխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յղած Է անվտանգութեան հարցերը տնօրինող բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու տասներորդ միջազգային հանդիպման մասնակիցներուն: Յունիս 18-ին ուղերձը ընթերցած Է գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ, ՄԱԿ-ի Հակաահաբեկչական վարչութեան ղեկավար Վլատիմիր Վորոնքով:

«Համաշխարհային կլիմայական ճգնաժամը հարցականի տակ կը դնէ մեր բուն գոյութիւնը եւ հաւասար չափով կը վերաբերի ինչպէս անվտանգութեան հարցերուն, այնպէս ալ զարգացման հարցերուն: Այդ հիմնախնդրի լուծման համար անհրաժեշտ Է աւելի վճռական քաղաքական կամք, կարելի չէ կորցնել մէկ վայկրեան իսկ»,- ըսուած Է գլխաւոր քարտուղարի ուղերձին մէջ: Կութերեսի խօսքով` այդ իսկ պատճառով ինքը կլիմային նուիրուած ՄԱԿ-ի գագաթնաժողով հրաւիրած Սեպտեմբեր 23-ին: «ՄԱԿ-ի երկիրներու ղեկավարներէն կը խնդրեմ յստակ ծրագիրներ հնչեցնել այնտեղ: Ոչ մէկ երկիր կրնայ առանձին յաղթահարել այդ խնդիրները»,- ընդգծած Է ան, կը հաղորդԷ ԹԱՍՍ-ը:

Քաղուած Եռագոյն կայքէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2019, 13:08