Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մեսրոպեան մանկապարտէզը աւարտական վկայական շնորհեց 51 ծաղիկներու

Հանդէսը արտացոլացումը եղաւ կրթական այն ծրագրին, զոր ծաղիկները իւրացուցած էին անցած տարիներուն:

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 51 ծաղիկներ տօնական հանդէսով մը նշեցին մանկապարտէզի շրջանի աւարտը, որ միեւնոյն ժամանակ կը նշէր անոնց մուտքը՝ նախակրթարան:

Հանդէսը արտացոլացումը եղաւ կրթական այն ծրագրին, զոր ծաղիկները իւրացուցած էին անցած տարիներուն: Այնտեղ կարելի էր յստակօրէն տեսնել այն կարեւորութիւնը, որ մանկապարտէզին մէջ կը շնորհուի մանուկներու բազմակողմանի զարգացման՝ լեզուներու իմացութեան, ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան:

Ծաղիկներու թովիչ ձայնով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի  քայլերգներու կատարումէն ետք, բացման խօսքեր արտասանեցին փոքրիկ շրջանաւարտները: Բեմին վրայ` մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեանի հետ հետաքրքրական երկխօսութեամբ մը, անոնք խօսեցան մանկապարտէզին մէջ իրենց առօրեային եւ ստացած գիտելիքներուն մասին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցչուհիներուն եւ ծնողներուն:

Հանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը եղաւ գոյներով, բազմալեզու ձայներով եւ ֆիզիքական վարժանքներով յագեցած: Ծաղիկները պարեցին, ասմունքեցին ու երգեցին չորս լեզուներով եւ ներկայացուցին իրենց ֆիզիքական զարգացումը արտայայտող պարեր եւ ռիթմիկ շարժումներու պատկերներ:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ անցած տարի վարժարանին մէջ ընթացք առած կրթական լայնածիր բարեփոխութիւնները արդէն իսկ տուած են ակնկալուած արդիւնքները: Կը կիրարկուին ուսուցման նորագոյն մեթոտներ, ուշադրութեան առարկայ է աշակերտներու քննական մտածողութեան զարգացումը, դասի ժամերը դարձած են համապատասխան` աշակերտներու տարիքային իւրայատկութիւններուն եւ ուսուցիչները կը մասնակցին տեւական զարգացման ծրագիրներու: Պարոն Գալուստ բարձրօրէն գնահատեց  մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները,  աշակերտներու կրթութեան եւ դաստաիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կրթական բարեփոխումներուն մէջ իրենց ցոյց տուած պատրաստակամութեան համար: Ան համոզում յայտնեց, որ Մեսրոպեան մանկապարտէզէն իրենց քայլերը սկսող փոքրիկները ապագային պիտի դառնան տիպար հայեր ու քաղաքացիներ՝ բոլոր առումներով յաջողելու համար կեանքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2019, 11:50