Որոնել

Հենրիկ Մխիթարեան ամուսնացաւ Հենրիկ Մխիթարեան ամուսնացաւ  

Հենրիկ Մխիթարեան ամուսնացաւ Պեթի Վարդանեանի հետ Վենետիկի Սուրբ Ղազար Վանքին մէջ

Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Յուլիսին ձեռամբ Խաժակ Սրբազան Պարսամեանի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Անգլիոյ «Արսենալ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան Յունիս 17-ին, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ պսակուեցաւ «Գրանդ Հոլդինգ»-ի սեփականատէրներէն Միքայէլ Վարդանեանի դստեր՝ Պեթի Վարդանեանի հետ:

Թուիթըրի իր էջին մէջ Մխիթարեան լուսանկար տեղադրած է կնոջ` Պեթիի հետ պսակադրութեան արարողութենէն եւ գրած. «Ամուսնացիր եւ մնա՛ ինծի հետ ընդմիշտ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2019, 08:03