Որոնել

Քոմպոնիան մայրապետներու հիւանդանոցէն առնուած լուսանկար Քոմպոնիան մայրապետներու հիւանդանոցէն առնուած լուսանկար 

Յորդանանի մէջ Քոմպոնիան միաբանութեան քոյրերը կը շարունակեն հոգ տանիլ Սուրիացի գաղթականներուն:

Մայրապետները իրենց հիւանդանոցին մէջ ամենէն շատ խնամք կը տանին աղքատ մարդոց, որոնք հնարաւորութիւն չ՝ունին բուժուելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է բարերարներուն օգնելու Յորդանանի մէջ գտնուող Իտալական հիւանդանոցին, որ կը գտնուի Քոմպոնիան միաբանութեան հոգածութեան տակ:
Յիշեալ հիւանդանոցը, ուր ամէն օր կը հասնի բազմաթիւ Սուրիացի գաղթականներ կը համագործակցի Հռոմի Յիսուս մանուկ մանկաբուժարանին հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Հիւանդանոցը՝ ուր գրեթէ 25000 հիւանդներուն խնամք կը տարուի, տնտեսական գետնի վրայ ինքնաբաւ էր սակայն՝ ամէն օր հիւանդանոցին մէջ հիւրասիրուող բազմաթիւ սուրիացի գաղթականներուն պատճառով, հիւանդանոցի մայրապետները դիմած են բարերարներուն, հայցելով նիւթական օգնութիւն:

«Մեր հիւանդանոցը փոքրիկ օվազիս մըն է Յորդանանի հարաւային շրջանին մէջ : Գրեթէ 80 տարիներէ ի վեր այս հիւանդանոցին մէջ  կը գործեն աւելի քան 85 անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը՝ 80 տոկոսով մահմետականներ են:
Կառոյցը կրօնական, մշակութային՝ ժողովուրդներուն հանդիպումի վայրը մըն է, ուր ամէնքը կը գործեն հասարակաց առաքելութեան համար: » Այս մասին Վատիկանի Նիւզի յայտնեց Քոյր Ատելէ Պրամպիլլան, Քոմպոնիան քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհին:

Քոյր Պրամպիլլա ուզեց շեշտել,  որ իրենց հիւանդանոցին մէջ ամենէն շատ խնամք կը տարուի աղքատ մարդոց, որոնք ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունին բուժուելու:
Ան յայտնեց է, թէ Սուրիոյ կարգ մը քաղաքներու մէջ հանդարտութիւն կը տիրէ սակայն՝ շատ մը այլ շրջաններուն մէջ տակաւին բախումները կը շարունակուին, որոնց թիրախ են քրիստոնեայ հասարակութիւնները: Շաբաթ մը առաջ հրթիռակոծումի ենթարկուած է Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտք գտնուող քրիստոնեաներուն գիւղ մը: ըսաւ Ան:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2019, 13:33