Ռաուտայի մխիթարեաններու վարժարանը Ռաուտայի մխիթարեաններու վարժարանը 

Ամավերջի հանդէս եւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւն:

Մխիթարեան միաբանութիւնը 320 տարիէ կը գործէ ոչ միայն հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, այլ մանաւանդ՝ կրթադաստիարակչական:

Կիրակի, 23 Յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը եւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Վահէ Կապրաշի, ներկայութեամբ պետական երեսփոխան Ժան թալլուզեանի, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, Լիբանանի մէջ Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար Հայր Պութրոս Ազարի ներկայացուցիչ՝ Էլի Թաննուրիի, քոյր վարժարաններու տնօրէնութեանց կամ անոնց ներկայացուցիչներուն, ծնողներու եւ հարազատներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան Միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բեմ բարձրացան ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնց յաջորդեցին մանկապարտէզի եւ Ա. կարգի աշակերտները: Բարի գալուստի խմբային խօսքին յաջորդեց «Thank You»,  «Կաքաւիկ» եւ «Եա Մատրասաթի» երգերու կատարումը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Մխիթարեանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը կարդալու տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «Մէկ տարի առաջ… Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը միայն գաղափար մըն էր, վարժարանի շէնքը միայն կառոյց մըն էր: Մէկ տարի առաջ կ’ըսէին, որ Մխիթարեան վարժարանը իր դռները չի կրնար բանալ: Ահաւասիկ այսօր, այդ խօսքերէն ՄԻԱՅՆ մէկ տարի ետք, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը ոչ միայն կեանք ու մարմին առած է, ոչ միայն անոր շէնքը լեցուած է մանուկներու ճիչերով ու պատանիներու կանչերով, ոչ միայն անոր շրջապատը դարձած է բնապահպանութեան սատարող կանաչապատ տարածք, իր բացօթեայ դասարանով՝ «Թումանեան Այգի»ով, ոչ միայն ան իր դռները լայն բացած է լաւագոյն ուսման ձգտող գաղութի զաւակներուն դիմաց, այլ նաեւ այսօր այս լուսաւոր հանդիսութեամբ հանրութեան կը ներկայացնէ մանկապարտէզի իր առաջին հունձքը»: Ան նշեց, որ այս բոլորը իրականացան շնորհիւ Աստուծոյ նախախնամութեան, Մխիթարեան Միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր եւ վարժարանիս հոգեւոր հայր՝ հոգեշնորհ Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանի մշտական նեցուկին եւ հոգածութեան,  տնօրէնութեան անդուլ աշխատանքին եւ վճռակամութեան՝ աշակերտներուն տրամադրելու միայն լաւագոյնը, իրենց առաքելութեան գիտակից եւ հաճելի ձեւերով դասաւանդելու պատրաստ ուսուցչակազմին եւ նուիրուած անձնակազմին, ֆինլանտական ուսումնական սկզբունքներ ընդգրկող կրթական ուղեգիծին, եւ ի վերջոյ շնորհիւ այն ծնողներուն, որոնք իրենց ամենաթանկագին հոգեհատորները վստահեցան Մխիթարեան վարժարանին:

   Ապա խօսք առաւ Հոգշ. Հ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանը, որ ըսաւ Մխիթարեան Միաբանութիւնը կը հաւատայ լիբնանահայութեան եւ այդ պատճառով է որ այս դպրոցով ուզեց իր ներկայութիւնը անգամ մը եւս փաստել: Ան յիշեց, որ Միաբանութիւնը 320 տարիէ կը գործէ ոչ միայն հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, այլ մանաւանդ՝ կրթադաստիարակչական: Ան ուրախութիւն յայտնեց տեսնելու բեմին վրայ գտնուող մանուկները եւ վստահեցուց, որ անոնք, իրենց նախորդն մխիթարեանցիներուն նման, ապագային հպարտանքը պիտի ըլլան մեր բոլորին: Ան նաեւ խոստացաւ, որ Միաբանութիւնը ոչ միայն պիտի զարգացնէ իր այս կառոյցը, այլ նաեւ ընդարձակէ եւ ունենայ նոր հաստատութիւններ:

Ապա հոգեւոր հoր, տնօրէնուհիին եւ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Սիպիլա Մալեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը, որուն աւարտին Ա. կարգի աշակերտները ֆրանսերէնով արտասանուած բարի գալուստի խօսքերով դիմաւորեցին նախակրթարան հասնող ծաղիկները:

Այնուհետեւ, կրթական զեկուցումով հանդէս եկաւ վարժարանիս կրթական համակարգող Տիկ. Մէյրի Կիւրիւնլեան, որ խօսեցաւ Մխիթարեանի ուսումնական ուղեգիծին եւ ի գործ դրած մեթոտներուն մասին:

Յայտագրի երկրորդ բաժինը նուիրուած էր մեծ հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Թումանեանի վեց հեքիաթներէն՝ «Անբան Հուրի»էն, «Քաջ Նազար»էն, «Անխելք Մարդ»էն, «Ագահ Թագաւոր»էն, «Բարեկենդան»էն եւ «Անոյշն ու Սարօ»էն առնուած հատուածներով թատրոնով մը, համադրութեամբ հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Տիկ. Ալին Գուրամաճեանի, մշակումով Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանի, եւ բեմականացումով Պրն. Յովիկ Յակոբեանի, վարժարանիս բոլոր աշակերտները (մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգ) հանդէս եկան բաժինով մը, իրենց ծնողներուն, հարազատներուն եւ ներկաներուն հրամցնելով թումանեանական գեղեցիկ փունջ մը՝ երգով, պարով, ասմունքով ու դերակատարութեամբ:

«Եկէք Հայաստան» երգի կշռոյթին տակ բոլոր աշակերտները բեմ բարձրացան, խմբուեցան ու պարեցին: Աւարտին, բեմին վրայ իրենց միացաւ Մխիթարեանի տնօրէնուհին, որ բեմ հրաւիրեց բոլոր անձնակազմը եւ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց ոչ միայն այս հանդիսութեան պատրաստութեան համար, այլ նաեւ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին իրենց աշխատանքին ու նուիրուածութեան համար:

Քաղուած Հայերն Այսօր կայքէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2019, 09:50