Որոնել

Սուրիացի երեխաներու համար ձեռնարկ Սուրիացի երեխաներու համար ձեռնարկ 

Առաւել քան 100 Սուրիացի կարիքաւոր ընտանիքներու Հայաստանէն հասած նուէրներ բաշխուեցան

17 Յունիսին, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ սուրիացի երեխաներու համար ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ

Հալէպ քաղաքի մշակոյթի տան մէջ, 17 Յունիսին, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ սուրիացի երեխաներու համար ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ:

«Գանձասար»ը կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկին ներկայ եղան Հալէպի փոխնահանգապետ Քումիտ Աասի, Հալէպի քաղաքապետ Մաատ ալ Մատլաճի, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ հայկական մարդասիրական խումբի պատասխանատու Արկատի Տօնոյեան, «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»ի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլպակեան եւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչները՝ ականազերծողները եւ բժիշկները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2019, 08:50