Մայրերու օր Մայրերու օր 

Մխիթարեան – Վարժարանի աշակերտները նշեցին Մայրերու տօնը։

Բոլոր աշակերտներն ալ իրենց ներկայացման աւարտին վարդեր նուիրեցին իրենց մայրերուն:

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ին, Մխիթարեան վարժարանին մէջ տօնական մթնոլորտ էր: Մեր աշակերտներուն մայրերը հրաւիրուած էին նշելու Մայրերու Տօնը: Իրենց զաւակներուն հետ յիշատակի նկար առնելէ ետք, օրուան յայտագիրը սկսաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, ուր աշակերտները իրենց զգացումները իւրայատուկ կերպով արտայայտեցին իրենց մայրերուն, արցունք յառաջացնելով անոնց աչքերուն: Ապա բացման խօսքով տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր մայրերուն եւ յայտնեց, որ այս հաւաքոյթով կը նշենք երեք տօն միաժամանակ. թէ՛ մայրերու տօնը, թէ՛ համբարձման տօնը եւ թէ՛ Հայաստանի Ա Հանրապետութեան տօնը: Ան շեշտը դնելով մայր բառին կարեւորութեան վրայ, ըսաւ, որ ի զուր չէ որ մենք կ՛ըսենք Մայր հայրենիք, մայրենի լեզու, Մայր եկեղեցի եւ մայրաքաղաք:

Տիկ. Պոյաճեան գնահատեց իւրաքանչիւր մօր դերը իր զաւակի դաստիարակութեան մէջ, մատնանշելով որ մայրերը կը համարուին իրենց զաւակներուն առաջին դպրոցը, իրենք կը դնեն դաստիարակութեան հիմերը եւ դպրոցը զանոնք կ՛արմատաւորէ: Իր խօսքի աւարտին, Մխիթարեանի տնօրէնուհին քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց բոլոր մայրերուն:

Գեղարուեստական բաժնով, մանկապարտէզի աշակերտները երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն, մանկական առոգանութեամբ շնորհաւորեցին իրենց մայրերը: «Մայրերու Օր» եւ «Ձօն Մայրիկիս» քերթուածներով ելոյթ ունեցան Ա., Բ. եւ Գ. կարգի աշակերտները, որոնք նաեւ ներկայացուցին արաբերէն «Իտ Ումմի» ասմունքը եւ անգլերէն «Happy Motherþs Day» երգը: Դ. կարգի աշակերտները ֆրանսերէնով գովերգեցին իրենց մայրերը, իսկ հայերէնով ասմունքեցին Յովհաննէս Շիրազի «Մայրս» եւ Ղուկաս Սիրունեանի «Նուէր Մայրիկիս» քերթուածները: Ապա բարձրագոյն կարգերէն խումբ մը աշակերտներ արաբերէնով ներկայացուցին սփիւռքահայուն ուխտը` նուիրուած Հայաստանի պետականութեան 101-ամեակին:

Բոլոր աշակերտներն ալ իրենց ներկայացման աւարտին վարդեր նուիրեցին իրենց մայրերուն:

Այնուհետեւ, ծնողները հինգ խումբի բաժնելով, Տիկ. ՍիպիլաՄալեան վարժարանիս «Թումանեան Այգի»ին մէջ վարեց կազմակերպուած խաղերու հաճելի յայտագիրը, որուն մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան ե՛ւ մայրերը, ե՛ւ զաւակները:

Աւարտին ունեցանք յաղթող խմբակ մը, որուն իւրաքանչիւր անդամը ստացաւ վարսայարդար Ուիսամ Սարժիի կողմէ տրամադրուած նուէր:

Տեղի ունեցաւ նաեւ Համբարձման տօնին առիթով աւանդական վիճակաձգութիւն եւ ունեցանք եւս բախտաւոր երկումայրեր: Աւարտին, բոլոր մայրերը համախմբուելով հատեցինՄայրերու տօնին կարկանդակը եւ ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
Տուն մեկնելէ առաջ, ծնողները ստացան իրենց զաւակներուն հետ նկարով պատրաստուած ձեռային աշխատանք մը, որպէս յիշատակ օրուան տօնակատարութենէն:

ԼՐԱՏՈՒ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2019, 08:00