Էքրեմ Իմամօղլու Էքրեմ Իմամօղլու 

«Այս քաղաքին մէջ պիտի յարգենք Հայերը եւ մնացեալ բոլոր ազգութիւններուն ներկայացուցիչները» կ՛ըսէ Իմամօղլու

«Այս քաղաքին մէջ մենք պիտի ընդունինք եւ յարգանքով պիտի վերաբերինք հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, հրեաներուն եւ մնացեալ բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքին` Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած Էքրեմ Իմամօղլու, որ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածուն էր, խոստացած է յարգանքով վերաբերիլ այնտեղ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին` հայերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթետուվար» կայքը:

«Այս քաղաքին մէջ մենք պիտի ընդունինք եւ յարգանքով պիտի վերաբերինք հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, հրեաներուն եւ մնացեալ բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն: Մենք ժողովրդավարութիւն պիտի կառուցենք եւ այս քաղաքին մէջ արդարութիւն պիտի հաստատենք», յայտարարած է քաղաքապետը, որ ընտրութիւններուն հաւաքած էր քուէներուն աւելի քան 54 առ հարիւրը:

Իմամօղլու իր խօսքը շարունակելով յայտնած է, թէ քաղաքին մէջ պէտք չէ ըլլայ «ազգային փոքրամասնութիւն» հասկացողութիւնը, եւ որ Պոլսոյ բոլոր բնակիչները, անկախ իրենց ազգային պատկանելիութենէն, պէտք է հաւասար իրաւունքներ ունենան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2019, 09:56