«Այս քաղաքին մէջ պիտի յարգենք Հայերը եւ մնացեալ բոլոր ազգութիւններուն ներկայացուցիչները» կ՛ըսէ Իմամօղլու
Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքին` Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած Էքրեմ Իմամօղլու, որ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածուն էր, խոստացած է յարգանքով վերաբերիլ այնտեղ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին` հայերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթետուվար» կայքը:
«Այս քաղաքին մէջ մենք պիտի ընդունինք եւ յարգանքով պիտի վերաբերինք հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, հրեաներուն եւ մնացեալ բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն: Մենք ժողովրդավարութիւն պիտի կառուցենք եւ այս քաղաքին մէջ արդարութիւն պիտի հաստատենք», յայտարարած է քաղաքապետը, որ ընտրութիւններուն հաւաքած էր քուէներուն աւելի քան 54 առ հարիւրը:
Իմամօղլու իր խօսքը շարունակելով յայտնած է, թէ քաղաքին մէջ պէտք չէ ըլլայ «ազգային փոքրամասնութիւն» հասկացողութիւնը, եւ որ Պոլսոյ բոլոր բնակիչները, անկախ իրենց ազգային պատկանելիութենէն, պէտք է հաւասար իրաւունքներ ունենան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ