Որոնել

Պոլսոյ պատրիարքարանը Պոլսոյ պատրիարքարանը 

Ամերիկեան կրօնական յանձնախումբը Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` չմիջամտելու Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի ներքին գործերուն

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ ազգային փոքրամասնութիւններու գոյութիւնը վտանգի տակ է:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կից խորհրդատուական մարմին նկատուող «Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնախումբը» 2019-ի իր զեկուցումին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ կրօնական ազատութիւններու խախտումներուն եւ երկիրը ներառած է «մտահոգող երկիրներու» ցուցակին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Ըստ զեկուցումին, 2018-ին Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւնները «կը շարունակեն խոր մտահոգութիւններ յառաջացնել, եւ մօտակայ տարիներուն լուրջ մտահոգութիւններ կան, որ պայմանները աւելի պիտի վատթարանան»:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ ազգային փոքրամասնութիւններու գոյութիւնը վտանգի տակ է, բացի ատկէ, պետական կառոյցներու եւ կառավարութեան կողմնակիցներու` մամուլը սեւցնելուն ուղղուած արշաւը աւելի կը մեծցնէ վախի մթնոլորտը փոքրամասնութիւններու խումբերուն մօտ:

Ըստ «Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնախումբ»-ի զեկուցումին, Միջազգային կրօնական ազատութիւններու օրէնքի ծիրին մէջ, իբրեւ «յատուկ մտահոգութիւն յառաջացնող երկիր Թուրքիան ներառուած է 2-րդ աստիճանի երկիրներու շարքին մէջ:

Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կայ կրօնական գործիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենին, ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրոունսընին, Այա Սոֆիա տաճարի խնդիրին (Էրտողան բազմիցս յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի զայն թանգարանի կարգավիճակէն դուրս բերել եւ դարձեալ մզկիթի վերածել) եւ այլն:

Իբրեւ դրական քայլ կը նշուի Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Պոլսոյ մէջ ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ շինարարութեան արտօնութիւնը եւ կառուցումը:

Զեկուցումին մէջ նաեւ տեղ գտած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի յայտարարութիւնը յունական Հէյպելիատա կղզիին վերաբերեալ. «Կոչ կ՛ուղղենք անմիջապէս վերաբանալու Հէյպելիատայի հոգեւոր դպրոցը»:

Զեկուցումին մէջ Հէյպելիատա կղզիի դպրեվանքի վերաբացումէն բացի, կոչ կ՛ուղղուէր նաեւ չմիջամտելու հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքական ընտրութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2019, 09:47