Որոնել

Աշխարհի վրայ գաղթականներու  թիւը հասած է շուրջ 71 միլիոնի Աշխարհի վրայ գաղթականներու թիւը հասած է շուրջ 71 միլիոնի 

Աշխարհի վրայ գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու թիւը հասած է շուրջ 71 միլիոնի

2018 թուականին ամբողջ աշխարհի վրայ պատերազմներու, բռնաճնշումներու եւ այլ վայրագութիւններու պատճառով անոնց թիւը աւելցած է 2,3 միլիոնով

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը իր տարեկան «Համաշխարհային միտումներ» զեկուցումին մէջ ներկայացուցած է աշխարհի վրայ գաղթականներու, ներքին տեղահանուածներու եւ ապաստան հայցողներու թիւը: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթը:

2018 թուականին ամբողջ աշխարհի վրայ պատերազմներու, բռնաճնշումներու եւ այլ վայրագութիւններու պատճառով անոնց թիւը աւելցած է 2,3 միլիոնով եւ հասած շուրջ 71 միլիոնի:

Նախորդ տարուան վերջաւորութեան աշխարհի վրայ կար 25,9 միլիոն գաղթական, 41,3 միլիոն ներքին տեղահանուած անձ, 3,5 միլիոն ապաստան հայցող: Գաղթականներուն մեծ մասը Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն, Հարաւային Սուտանէն եւ Սոմալիէն է: Զանոնք ընդունող երկիրներու առաջին դիրքին վրայ է Թուրքիան (3,7 միլիոն), ապա Փաքիստանը (1,4 միլիոն) եւ Ուկանտան (1,2 միլիոն):

Ամերիկեան պարբերականը կը գրէ, թէ Գաղթականներու համաշխարհային օրուան նախօրեակին հրապարակուած տուեալները պիտի բորբոքեն միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ պետութիւններու վարած ներքին քաղաքականութիւններուն շուրջ քննարկումները:

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով բարձր յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի ուղերձով մը դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ այլ ղեկավարներու: Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար նշած է, թէ գաղթականներու հարցին մէջ անոր դիրքորոշումը կրնայ «կործանարար» հետեւանքներ ունենալ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2019, 09:15