Որոնել

«Լռութեան Ռոպէ» քանդակը գործն է Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ Ֆերտինանտ Առաքելեանի։ «Լռութեան Ռոպէ» քանդակը գործն է Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ Ֆերտինանտ Առաքելեանի։  

Ֆրանչիսկոս Պապին երախատագիտական նուէր Հայաստան այցելութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ։

«Լռութեան Ռոպէ» քանդակը գործն է Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ Ֆերտինանտ Առաքելեանի։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ, Հայաստանի հռչակաւոր քանդակագործ հանգուցեալ Ֆերտինանտ Առաքելեան փափաքած էր Քահանայապետին նուիրել իր քանդակներէն մին որ սակայն արուեստագէտի վաղահաս մահուան բերումով Վատիկան փոխադրուեցաւ միայն վերջերս եւ հինգշաբթի 30 մայիս 2019-ի առաւօտեան, քանդակագործ Առաքելականի ընտանեկան պարագաները առիթը ունեցան զայն յանձնել Վատիկանի  իշխանութիւններուն։

 «Լռութեան Ռոպէ» քանդակը կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որուն շուրջ համախմբուած են տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ղեկավարներ, որոնք միասին կը քալեն  իրականացնելու համար Քրիստոսին պատգամը՝ "որպէսզի ամէնքը մի ըլլան"։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2019, 11:19