Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանը Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանը 

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը այցելեց Պոլսոյ պատրիարքարան

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցեր:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու Երկուշաբթի, Մայիս 13-ին այցելեց Պոլսոյ պատրիարքարան: Նախարարը հիւրընկալուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի կողմէ, որուն կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու:
Ներկայ էին նաեւ Պոլսոյ կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ Կրօնական ժողովի անդամները: Զրոյցը տեղի ունեցաւ դռնփակ:
Առայժմ զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած: Շուրջ քառասուն վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք նախարարը ստորագրեց հոգելոյս Մեսրոպ պատրիարքի սգոյ տոմարը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցեր: Պետրոս Շիրինօղլու հանդիպումէն ետք «Ժամանակ» թերթին յայտնեց, որ Պոլսոյ գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութենէն՝ Յունիս 23-էն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ տեղապահի ընտրութիւնը:

Հաւանական է, որ պատրիարքարանը հրապարակէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը:

Քաղուած Եռագոյնէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2019, 08:35