Որոնել

Հայաստան Հայաստան 

Հռոմի մէջ «ARMENIA» գիրքի շնորհանդէս։

Ներկայացումի բացումը կը կատարեն Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան եւ Ս. Աթոռի մօտ Հ Հ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեան

Վերջերս՝ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Սուրբ Երկրի Պահակութեան՝ պատկան «Edizione Terra Santa - Սուրբ Երկիր» հրատարակչատունը, հրապարակած է գիտնական ու ճանապարհորդ  Ալպերթօ Էլլիի «Հայաստան, արուեստ, պատմութիւն եւ երթուղիներ՝ քրիստոնեայ ամենահին ազգին» խորագիրով հատորը, որուն շնորհանդէսը  տեղի կ՛ունենայ՝ ուրբաթ 17 մայիս 2019-ի երեկոյեան 18-ին, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանին մէջ։

Ներկայացումի բացումը կը կատարեն Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Կարեն Նազարեան, ելոյթ կ՛ունենան  Իտալացի հռչակաւոր պատմաբան եւ լրագրող Ռոպերթօ Օլլան ու գիրգին հեղինակ՝  Ալպերթօ Էլլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2019, 07:59