Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մեսրոպեանը յանձնեց «Բանակցող աշակերտներու» երրորդ հունձքը

“Բանակցող Աշակերտներ” ծրագիրը Մեսրոպեանի մէջ կը գործադրուի 3 տարիէ ի վեր.

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ դասարանի 12 աշակերտներ ստացան իրենց “Բանակցող Աշակերտ”ի(élève médiateur) վկայականները, աւարտած ըլլալով նոյնանուն դասընթացքը՝ կազմակերպութեամբ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ (USJ)համալսարանին:

Վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը կայացաւ վարժարանի “Ֆարաճեան” հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ յիշեալծրագրի ղեկավար դոկտ. Ժոհաննա Հաուարի Պուրժէյլիի եւ Պէյրութի շրջանի դպրոցներուն մէջ նոյն ծրագրի համադրող օրդ. Թամար Թիւֆէնքճեանի:

“Բանակցող Աշակերտներ” ծրագիրը Մեսրոպեանի մէջ կը գործադրուի 3 տարիէ ի վեր. անոր նպատակն է աշակերտները վարժեցնելտագնապներու լուծման՝ յատկապէս իրենց ընկերական շրջանակին մէջ, այդպիսով դառնալու համար ազդու դերակատարներ՝ միջ-անձնային յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ: Ցարդ Մեսրոպեանի 120 աշակերտներ մասնակցած են այս դասընթացքին,որոնցմէ 39-ը, ստացած են համանուն վկայական:

Խօսք առնելով հանդիսութեան ընթացքին, դոկտ. Պուրժէյլի բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան յանձնառութիւնը՝մասնագիտական եղանակով նպաստելու աշակերտներու ընկերային դերակատարութեան զարգացումին եւ դրուատեցաշակերտներու ջանասիրութիւնը՝ դասընթացքներու մասնակցութեան մէջ:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Սէն Ժոզէֆ համալսարանիհամապատասխան կեդրոնին՝ աշակերտներու դաստիարակութիւնը բարձր մակարդակով կատարած ըլլալուն համար եւվերահասատեց, որ Մեսրոպեանը պիտի շարունակէ համագործակցիլ համալսարանին հետ՝ ինչպէս աշակերտներու, նոյնպէս եւուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներու մէջ:


Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2019, 08:54