Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարանի սաները Մեսրոպեան Վարժարանի սաները 

Աւարտականներու ուխտագնացութիւնը՝ դպրոցական շրջանի աւարտին առիթով

Մեսրոպեանականները այցելեցին Ճիւնիի մայրուղիին վրայ գտնուող “Լիբանանեան-Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթող”, որ վերջերս բացուեցաւ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին նախաձեռնութեամբ:

Մայիսի առաջին շաբաթավերջին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները ուխտագնացութեամբ մը իւրայատուկ նշումը կատարեցին դպրոցական իրենց կեանքի աւարտին, որ ինքնին սկիզբ է նոր ուղեւորութեան` ուսման եւ կեանքի ճամբաներուն վրայ:
Մեր աշակերտները, առաջնորդութեամբ վարժարանի հոգեւոր վարիչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի, քալելով բարձրացան Հարիսայի ուխտավայր, անցնելով հանրածանօթ “Երկնքի Ճամբու” Տարպ էլ Սամա 7 հանգրուաններէն: Աշակերտներուն կ’ընկերանար վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Իւրաքանչիւր հանգրուանի, աշակերտները կանգ առին, աղօթելու համար Սուրբ Տիրամօր “Վարդարանը”: Ուղեւորութեան սկիզբը, աւարտող Մեսրոպեանականները այցելեցին Ճիւնիի մայրուղիին վրայ գտնուող “Լիբանանեան-Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթող”, որ վերջերս բացուեցաւ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին նախաձեռնութեամբ:
Հարիսայի մէջ, Տէր Ռաֆֆի քահանան մատուցեց Սուրբ Պատարագ: Ուխտագնացութիւնը յուզումներով լի պահեր պարգեւեց աշակերտներուն, առիթ հանդիսանալով, որ անոնք անդրադարձումներ ապրին իրենց անցած տարիներուն մասին ու ներշնչուին` գալիքի հեռանկարներով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2019, 08:24