Մեսրոպեան Վարժարանի սաները Մեսրոպեան Վարժարանի սաները 

Մեսրոպեանը յանձնեց 63 շրջանաւարտներու յոբելենական հունձքը

Գոյութեան եւ գործունէութեան 80-րդ տարին բոլորած Մեսրոպեանը կը շարունակէ հաստատուն քայլերով ընթանալ նոր ժամանակներու կրթական չափանիշներուն եւ պահանջներուն համաձայն:

24 Մայիս 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին այս տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը, Մեսրոպեանի համար աւանդական դարձած խանդավառ եւ ոգեւորող հանդիսութեան մը ընթացքին:

Հանդիսութիւնը առաւել նշանակութիւն ձեռք բերաւ այն փաստով, որ կը զուգադիպէր վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ ընդգծելու Մեսրոպեանի կրթական վաստակը ոչ թէ միայն մէկ, այլ ամբողջ ութ տասնամեակներու դիտանկիւնէն:

Հանդէսին համար Մեսրոպեանի շրջափակ փութացած էին շուրջ 1400 հրաւիրեալներ: Անիկա կայացաւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախագահութեամբ Պէյրութի Թեմին Պատրիարքական Փոխանորդ, պատրիարքապատկան վարժարաններու Վարչական Խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի: Ներկայ էին հայ պետական պաշտօնատարներ, եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան քոյրեր, դպրոցներու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ ու բարեկամներ:

Շրջանաւարտներու բեմ հանդիսաւոր մուտքէն անմիջապէս ետք, եւ յետ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեան, խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ:

“Լոյս եւ յոյս ներշնչող Մեսրոպեան վարժարան”ին անունով ներկաները ողջունելէ ետք, պարոն Գալուստ ըսաւ, որ գոյութեան եւ գործունէութեան 80-րդ տարին բոլորած Մեսրոպեանը կը շարունակէ հաստատուն քայլերով ընթանալ նոր ժամանակներու կրթական չափանիշներուն եւ պահանջներուն համաձայն, “որպէսզի մեր սերունդները լաւապէս պատրաստուին իրենց իսկ ապագային համար` քրիստոնէական ամուր հոգիով, ազգային կենսունակ գիտակցութեամբ, քաղաքացիական եւ մարդկային առողջ նկարագրով եւ մրցունակ կրթութամբ:”

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս 20րդ Կաթողիկոս Պատրիարքին, Գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին, վարժարանի հիմնադիր հայրերուն, անցեալի տնօրէններուն, դաստիարակներուն ու պաշտօնեաներուն, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ աջակից միութիւններուն եւ բարերարներուն, Մեսրոպեանի վերելքին համար ցուցաբերուած քաջալերութեան, զօրակցութեան եւ համատեղ աշխատանքին համար:

“80 տարիներ ետք, Մեսրոպեանը մնացած է Մեսրոպի աւանդին հաւատարիմ պահակն ու ծառան: Միասնաբար պիտի շարունակենք աշխատանքը` զարգացնելով ու արդիականացնելով վարժարանը, որպէսզի բարձրանալու գործընթացը կանգ չառնէ, որպէսզի Մեսրոպեանը մնայ իր առաջնորդող դիրքին վրայ, որպէսզի սերունդներու կրթութիւնը ըլլայ ապահով եւ արդիւնաւէտ”, ըսաւ պարոն Գալուստ:

Շրջանաւատներուն անունով խօսքեր արտասանեցին Աւետիս Ապագլեան, Սէրլի Մարտիրոսեան եւ Սոնա Թաշճեան, յաջորդաբար հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Անոնք բոլորն ալ արտայայտեցին իրենց երախտագիտական ապրումները, ուղղուած դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, շեշտելով Մեսրոպեանի ոգիին հաւատարիմ մնալու յանձնառութիւնը:

Ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ տիկին Եւա Գորէսեան: “Կրթական հաստատութեան մը կենսունակութիւնը յաճախ պայմանաւորուած է ներշնչումի իր աղբիւրներու քանակով և որակով. այդ քանակն ու որակը գերազանց յատկանիշներով կը գտնուին հոս՝ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, այս 80-ամեայ երիտասարդ ու կորովալից դարբնոցին մէջ, ուր կը պատրաստուին կրօնական, ազգային եւ մարդկային արժանիքներով դաստիարակուած երիտասարդ երիտասարդուհիներ”, ըսաւ տիկին Գորէսեան, շրջանաւարտներուն մաղթելով “կեանքի անփուշ ճանապարհներ, անկաշկանդ թռիչքը եւ իղձերու իրականացում”:

Հանդէսի գեղարուեստական մասով, աւարտականներ Սէրլի Մաթոյեան (դաշնամուր) եւ Շանթ Կօշկակարեան (շեփոր) նուագեցին «Ախպերս ու ես», Նաթաշա Հատտատ ասմունք (արաբերէն), Սելինա Տէմիրճեան, Նաթաշա Հատտատ, Քրիսթինա Կիւլէսէրեան եւ Կասիա Սաղըրեան կատարեցին փունջ մը երգեր, Գէորգ Տէր Սարգիսեան կիթառով նուագեց երկու կտորներ, կատարուեցան եւրոպական խմբային երկու պարեր, իսկ եզրափակումին` «Վերջին զանգ» երգը` բոլոր աւարտականներուն մասնակցութեամբ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսանիւթ մը, որ ներկայացուց շրջանաւարտներու վերջին տարուան գործունէութիւնն ու կրթական-ընկերային կեանքը՝ Մեսրոպեանի մէջ: Տարիներու աւանդութեան համաձայն, կատարուեցաւ Մեսրոպեան Վահանի փոխանցումը՝ յաջորդ տարուան շրջանաւարտներուն:

Եզրափակիչ խօսքին մէջ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան օրհնեց շրջանաւարտներու ճամբան՝ դէպի լոյսի աւելի բարձր աղբիւրներ եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ քրիստոնեայ մարդու եւ հայու հաւատամքին, տեսլականին եւ արժէքներուն:

2018-2019 յոբելենական տարեշրջանի աւարտականի իրենց վկայականները ստացան Մերոպեանի բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու 63 աշակերտներ եւ ուսանողներ: Հանդէսը աւարտեցաւ շնորաւորանքներով՝ աւարտականներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2019, 08:03